Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԱՄՆ. Պլինքըն եւ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած են Ուաշինկթընի մէջ

Մայիս 2-ին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած է ՀՀ եւ ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Էնթընի Պլինքընի հանդիպումը։ 

“Շատ արդիւնաւէտ հանդիպում մը։ Ուրախ եմ վերադառնալու Ուաշինկթըն եւ վերահաստատելու ԱՄՆ-ու հետ մեր ամուր Համագործակցութիւնը: Վերջին երեք տասնամեակին Հայաստան եւ Միացեալ Նահանգներ զարգացուցած են փոխադարձ գործակցութիւնը, խարսխուած՝ ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւանց յարգանքի եւ օրէնքի գերակայութեան ընդհանուր արժէքներու վրայ”,– նշուած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարին թուիթըրեան գրառման մէջ։

Երկու երկիրներու  արտաքին քաղաքական գերատեսչութեանց ղեկավարները ստորագրած են փոխըմբռնման յուշագիր մը։

Նշենք, թէ նոյն օրը Միրզոյեան տեսակցութիւն ունեցած է նաեւ ԱՄՆ-ու միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) տնօրէնուհի Սամանթա Փաուըրի հետ։ Կողմերը քննարկած են համագործակցութեան ընդլայնման եւ միասնական նոր ծրագրերու իրականացման կարելիութիւնները։