Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՄԻԱՑԵԱԼ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ – Մանչեսթըր. Հայաստանի դեսպանը մասնակցած է հայկական Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ 150-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն

Մայիս 1-ին, Միացեալ Թագաւորութեան (ՄԹ) մէջ Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսէսեան այցելած է Մանչեսթըր՝ մասնակցելու համար հայկական Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ 150-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն։

Դեսպանը ներկայ գտնուած է եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագին, որուն յաջորդած է հայ համայնքին կողմէ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութիւնը, որուն մասնակցած են նաեւ տեղական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ եւ կրօնական առաջնորդներ: Այս մասին տեղեկացանք Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի դեսպանութեան Դիմագիրքեան էջէն։

Դեսպան Ներսէսեան իր խօսքին մէջ ընդգծած է Մանչեսթըրի նշանակութիւնը՝ որպէս ՄԹ-ի մէջ հայկական համայնք հիւրընկալած առաջին քաղաքը։ Ան բարձր գնահատած է գաղութին ջանքերը` հայկական ժառանգութիւնն ու Հայոց լեզուն պահպանելու ուղղութեամբ, շեշտելով նաեւ այն ազդեցութիւնը, որ անոնք ունեցած են Մանչեսթերի կեանքին մէջ: Դեսպանը Միացեալ Թագաւորութեան ուշադրութիւնը հրաւիրած է հայ համայնքին կարեւոր դերին վրայ՝ որպէս երկու երկիրները կապող կամուրջ։

Դեսպանը իր ելոյթը եզրափակած է դրուատանքի խօսքեր ուղղելով Մանչեսթըրի հասցէին՝ իր բազմազան համայնքին մէջ Հայերուն հանդէպ տեւական սիրալիր ընդունելութեան համար: