Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ըստ Ալիեւի՝ «Զանգեզուրի միջանցքը» արդէն իրականութիւն է

Ազերպայճանի նախագահ Ալիեւ Մայիս 4-ին յայտարարած է, թէ ներկայիս Զանգիլանի (Կովսական) շրջանին մէջ խոշոր ենթակառուցային ծրագրեր կ՚իրականացուին։ Այդ կարգին, ան անդրադարձած է երթեւեկութեան ենթակառոյցին, որ ըստ իրեն «Զանգեզուրի միջանցքի» (չակերտները՝ մեր կողմէ) անբաժանելի մասն է։

Ալիեւ նշած է, թէ Զանգիլանի միջազգային օդակայանը շահագործման կը յանձնուի այս տարի։

“Վստահ եմ, որ այս օդակայանը շատ մեծ գործառոյթներ պիտի ունենայ։ Որովհետեւ մենք Զանգիլանը կը տեսնենք իբրեւ ապագայի միջազգային երթեւեկութեան կեդրոն։ (…) Ինչ կը վերաբերի «Զանգեզուրի միջանցքին» (չակերտները՝ մեր կողմէ), ապա այս միջանցքը արդէն իրականութիւն է։ Թէ՛ երկաթուղին, թէ՛ Զանգիլանի շրջանի տարածքով անցնող մայրուղին ոչ միայն կը կապեն Ազերպայճանի հիմնական մասը Նախիջեւանի Ինքնավար հանրապետութեան, այլեւ կը դառնան բեռներու փոխադրութեան միջազգային նոր երթուղի։ Հետեւաբար, եւ միաժամանակ, նախկին ներքին տեղահանուածներու յարմարութեան համար, մենք ի մօտոյ պիտի կառուցենք չորս եւ վեց գօտիներով ճանապարհ։ Այս ճանապարհի փուլային շահագործումը պիտի սկսի գալ տարի”,– ըսած է Ալիեւ։