Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՖՐԱՆՍԱ. Մահ՝ քամանչայի վարպետ եւ աշուղ Գագիկ Մուրադեանի 

Քամանչայի վարպետ, հայ աշուղ Գագիկ Մուրադեան իր մահկանացուն կնքած է Ֆրանսայի մէջ։ 

Արուեստագէտը ծնած է 1954-ին Երեւան։ Քանի մը տասնամեակ առաջ հաստատուած էր Ֆրանսա։ Մայիս 4-ին անոր մահուան բօթը հաղորդած է Հայաստանի «Սայեաթ Նովա» գուսանային եւ ժողովրդական երգերու համոյթը, որու նախկին անդամներէն մէկն էր ողբացեալը։

Երաժիշտին հետ աշխատած դուդուկահար Յակոբ Բոյաջեան եւ երգչուհի Անահիտ Բոյաջեան արձագանգելով բօթին, ողբացեալ արուեստագէտը բնութագրած են  «իր սերունդի լաւագոյն քամանչահարներէն մէկը՝ վարպետ երաժիշտ մը, ընկեր մը»։ 

Գագիկ Մուրադեան ծանօթ էր Ֆրանսայի մէջ, ուր պարբերաբար ելոյթներ կ՚ունենար իր «Գուսանի» խումբին հետ։ 

Այսօր Սայեաթ Նովայի խորհրդանշական գործիքը՝ քամանչան սուգի մէջ է Գագիկ Մուրադեանի անհետացումով։