Մայիս 7-ին, կէսօրուան ժամերէն քիչ ետք, Ազերպայճանի զինեալ ուժերը տարբեր տրամաչափի հրացանաձգային զինատեսակներով կրակ բացած են հայ-ազերպայճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ հաստատուած ՀՀ զինեալ ուժերու մարտական դիրքերու, ինչպէս նաև Սոթքի ոսկիի հանքավայրին ուղղութեամբ։ Լուրը հաղորդած է ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
Կրակոցներու հետեւանքով վիրաւորուած է հանքավայրի աշխատաւորներէն մէկը։ Անոր կեանքին վտանգ չի սպառնար։
Պատասխան գործողութիւններով թշնամիին կրակը լռեցուած է։