Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Մոսկուայի համաձայն՝ Հայաստանեան բողոքի ցոյցերուն պատճառը իշխանութիւններուն յայտարարութիւններն են

«Ազատութիւն».- Ըստ Մոսկուայի արժեւորումին՝ հայաստանեան բողոքի ցոյցերուն պատճառը ոչ թէ եռակողմ համաձայնութիւններն են, այլ՝ ՀՀ իշխանութիւններուն յայտարարութիւնները։

“Ինչ կը վերաբերի ընթացիկ իրադարձութիւնները հայ-ազերպայճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին հետ կապելուն, ինչպէս կը հասկնանք, խօսքը ոչ թէ ձեռք բերուած եռակողմ համաձայնութիւններուն նկատմամբ ընդդիմութեան վերաբերումին, այլ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ որոշ յայտարարութիւններու ընկալման մասին է”,– անդրադառնալով Հայաստանի մէջ ընդդիմութեան բողոքի ցոյցերուն՝ յայտարարած է Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ մամլոյ բաժանմունքի փոխտնօրէն Ալեքսէյ Զայց։

Ան շեշտած է, թէ Մոսկուա հաւատարիմ է հայ-ազերպայճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման  աշխուժ կերպով նպաստելու իր յանձնառութեան՝ եռակողմ համաձայնութիւններու բոլոր դրոյթներու գործադրման, ինչպէս նաեւ՝ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման։

Փեսքով.– “Ռուսաստան կը փափաքի որ Հայաստանի մէջ կայունութիւն հաստատուի”

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմթրի Փեսքով՝ անդրադառնալով Հայաստանի ըննդիմութեան ցոյցերուն, յայտարարած է թէ՝ իր երկիրը շահագրգռուած է, որ Հայաստանի մէջ  կարելիին չափ արագ աւարտի բարդ շրջանը եւ կայունութիւն հաստատուի: “Այդ ամբողջութեամբ Հայաստանի ներքին գործն է։ Հայաստան մեր դաշնակիցն է, մեր գործընկերն է, մեր մեծ բարեկամն է, եւ կայուն կացութիւնը կը թոյլատրէ փուլ առ փուլ յառաջանալ Ղարաբաղի հարցով եռակողմ համաձայնութիւններու իրագործման ուղղութեամբ, ինչպէս նաև երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման առումով»,– շեշտած է Փեսքով։