Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԻՒՆԷՍՔՕ.- Հայաստանի անդամակցութեան 30-ամեակի համերգ՝ մասնակցութեամբ Անտրէ Մանուկեանի եւ Փաթրիք Ֆիորիի

Երեքշաբթի, Յունիս 7, ժամը 19-էն սկսեալ, ֆրանսահայ ծանօթ արուեստագէտներ Անտրէ Մանուկեան եւ Փաթրիք Ֆիորի համերգ մը պիտի սարքեն ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Փարիզի կեդրոնին մէջ (125, Avenue de Suffren, 75015 Paris – սրահ թիւ 1), միջազգային այս կառոյցին՝ Հայաստանի անդամակցութեան 30-ամեակին առթիւ։ Համերգին պիտի մասնակցին նաեւ Հայաստանէն երիտասարդ արուեստագէտներ։ 

Մուտքը անվճար է, սակայն հարկ է ներկայանալ հրաւիրագրով, զոր կարելի է ձեռք ձգել գրելով ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մնայուն պատուիրակութեան հետեւեալ հասցէին՝

dl.armenia@unesco-delegations.org