Մայիս 8-ին, Սուրիոյ նախագահին հրամանագրով՝ գրող, թարգմանիչ, արեւելագէտ եւ երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան նշանակուած է Հայաստանի մէջ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան։
Ծնած է Դամասկոս, 1967-ին: Աւարտած է Դամասկոսի Հայ կաթողիկէ ճեմարանը: 1988-ին, Դամասկոսի համալսարանի բանասիրութեան ֆրանսերէնի գրականութեան բաժինէն վկայուած է:
1988-ին եւ 1989-ին Փարիզի Սորպոն համալսարանէն ֆրանսերէնի մասնագիտացման երկու վկայականի, իսկ 1990-ին թարգմանութեան մասնագիտութեան բարձրագոյն ուսման վկայականին տիրացած է:
1992-2006-ին աշխատած է Դամասկոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը` իբրեւ գրասենեակի վարիչ, մամլոյ պատասխանատու եւ թարգմանիչ:
2006-2009-ին Դամասկոսի Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը վարած է: 2005-էն դասախօս է Դամասկոսի պետական համալսարանին մէջ։
Կ’աշխատակցի Սուրիոյ մէջ հրատարակուող Արաբական հանրագիտարանին, ուր յօդուածներ կը հայթայթէ հայ գրականութեան ու պատմութեան մասին: Ցեղասպանութեան նիւթով մասնակցած եւ ելոյթներ ունեցած է զանազան գիտաժողովներու` Միացեալ Նահանգներու «Եու.Սի.Էլ.Էյ.», Պէյրութի Հայկազեան եւ Գահիրէի համալսարաններուն մէջ։
2013-էն էն ի վեր վարիչ տնօրէնն է Դամասկոսի համալսարանին մէջ գործող Հայկական բաժինին:
Արիսեան ունի արաբերէնի թարգմանուած շուրջ տասը հրատարակուած գիրքեր։