Մայիս 7-ին, Ժընեւի շրջանի Թրուանէ քաղաքին մէջ, հայ առաքելական Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ եւ Հայ մշակոյթի կեդրոնի դրացնութեամբ տեղի ունեցած է «Արմենի» հրապարակին բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Լուրը հաղորդած է Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը, Դիմագիրքի իր էջով։
Եկեղեցական արարողութենէն ետք, հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ ունեցած են ՀՀ դեսպան Անդրանիկ Յովհաննիսեան, Թրուանէի քաղաքապետ Կի Լաւորէլ եւ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» հիմնադրամի նախագահ Դանիէլ Փափազեան։ Դեսպանը, շնորհակալութիւն յայտնած է քաղաքապետին ու քաղաքային խորհուրդի անդամներուն, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի ա՛յն ներկայացուցիչներուն, որոնց ջանքերուն շնորհիւ բացուած է «Արմենի» հրապարակը։
Արարողութեան մասնակցած են Ժընեւի ու Թրուանէի շրջանային եւ քաղաքային խորհուրդներու անդամներ, քաղաքական ու հասարակական գործիչներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։
Աւարտին կազմակերպուած է ընդունելութիւն, եւ ներկայացուած են հայկական աւանդական պարեր։
Ներկայ եղած է զուիցերական հեռատեսիլը եւ լուսաբանած հանդիսութիւնը https://www.lemanbleu.ch/…/2022050795247-a-Troinex-la-place…
Նշենք, որ բացման այս հանդիսութիւնը պէտք է տեղի ունենար աւելի քան երկու տարի առաջ, բայց պսակաձեւ ժահրի համաճարակը արգելք հանդիսացած էր։
Մշակուած են բազմաթիւ ծրագրեր «Արմենի» հրապարակը բարեկարգելու ու աւելի հրապուրիչ դարձնելու համար։
Նաեւ ընթացքի մէջ կը գտնուի Թրուանէն՝ Հայաստանի համայնքներէն մէկուն հետ զուգորդելու ծրագիրը։