Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Նետերլանտներ կատարած պաշտօնական այցի ծիրին մէջ այցելած է Լա Հէյի Խաղաղութեան պալատը: Ան նախ շրջայց կատարած է պալատին մէջ, այնուհետեւ մասնակցած է այդ շրջափակին մէջ տեղադրուած հայկական խաչքարի բացման արարողութեան, ուր իր ելոյթի ընթացքին մասնաւորապէս նշած է.-
“«Գարնըկի» հիմնադրամի յարգելի նախագահ,
Կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ձեզի, որ այսօր, այս գեղեցիկ առաւօտը մեզի հետ էք խաղաղութեան եւ արդարութեան քաղաքին մէջ, Խաղաղութեան պալատի տարածքին՝ Խաղաղութեան տաճարին մէջ, ինչպէս ըսած է Էնտրիու Գարնըկի աւելի քան 100 տարի առաջ, եւ ուր կը գտնուի այնպիսի կարեւոր միջազգային հաստատութիւն մը, որ Արդարադատութեան միջազգային ատեանն է։
Ինծի համար մեծ պատիւ է իմ ազգին անունով կատարել հայկական խաչքարի բացումը՝ որպէս նուէր Հայաստանէն։
(…) Խաչքարը հայ մշակոյթի զարգացման իւրօրինակ դրսեւորում է. ան հայկական ինքնութեան ամէնէն իւրայատուկ խորհրդանիշերէն է։ Ունենալով աւելի քան հազարամեայ պատմութիւն՝ խաչքարը նաեւ ժամանակակից մշակութային երեւոյթ է:
Հազարամեակներ Հայաստանն ու Հայերը ձգտեցան խաղաղութեան՝ որպէս իրենց Հայրենիքին մէջ ապրելու եւ արարելու գերագոյն նպատակ։ Մեր կառավարութիւնը այժմ կ՚ընէ կարելին` տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան օրակարգը խթանելու համար՝ հակառակ այն գոյաբանական սպառնալիքներուն, որոնց դեռ կ՚առերեսի իմ ազգը։
Այս խաչքարը կը խորհրդանշէ խաղաղութեան ու տոկունութեան հայկական ըմբռնումը եւ խաղաղութեան համար մշտական պայքարը՝ ըլլայ ան հայկական լեռնաշխարհին մէջ, թէ այլուր։
(…) Այս նուիրատւութիւնով Հայաստան համարձակօրէն կը վերահաստատէ իր ամուր յանձնառութիւնը՝ շարունակելու իր ներդրումը խաղաղութեան գործին մէջ՝ մեր տարածաշրջանին եւ ամբողջ աշխարհի մէջ”:
Լա Հէյի միջազգային իրաւունքի ակադեմիայի խորհուրդի նախագահ եւ Խաղաղութեան պալատի «Գարնըկի» հիմնադրամի նախագահ Փիթ Հեյն Տոնըր շնորհակալութիւն յայտնած է Պալատին նուիրուած հայկական խաչքարին համար եւ վստահութիւն յայտնած, որ յուշակոթողը իր իւրայատուկ տեղը կը գրաւէ այդ տարածքին մէջ: