«Կոչ կ՚ուղղենք ժողովուրդին իր կարծիքը արտայայտելու խաղաղ ճանապարհով, իսկ իշխանութիւններուն՝ զսպուածութիւն ցուցաբերելու»
ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս անդրադարձած է Հայաստանի մէջ ընթացող ցոյցերուն՝ պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, թէ արդեօք այդ ցոյցերը կրնա՞ն հետեւանքներ ունենալ ՀՀ-ի եւ տարածաշրջանին համար:
Փրայս ընդգծած է, թէ Ուաշինկթըն վերահաստատած է իր յանձնառութիւնը՝ Հայաստանի ժողովրդավարական զարգացման, եւ Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը Հարաւային Կովկասի կայուն խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ։
“Մեր կարծիքով խաղաղ ցոյցերը բաց քաղաքական համակարգի տարրեր են։ Մենք լիովին կ՚աջակցինք արտայայտուելու եւ խաղաղ հաւաքներու հիմնական ազատութիւններուն։ Կոչ կ՚ուղղենք ժողովուրդին իր կարծիքը արտայայտելու խաղաղ ճանապարհով: Կոչ կ՚ընենք իշխանութիւններուն զսպուածութիւն ցուցաբերելու եւ բողոքողները խրախուսելու՝ զերծ մնալու բռնութենէն եւ յարգելու օրէնքի գերակայութիւնն ու Հայաստանի ժողովրդավարութիւնը”,– ըսած է Փրայս։