Ազերպայճանի եւ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ Արցախի բռնագրաւեալ Շուշի քաղաքին մէջ թրքական հիւպատոսութիւն բանալու գծով բանակցութիւններ տեղի կ՚ունենան: «Ռիփորթ»-ի համաձայն՝ այս մասին յայտարարած է Ազերպայճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ճահիթ Պաղճը:
Ան նշած է, թէ այս հարցը կողմերու ուշադրութեան կեդրոնը կը գտնուի: