Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Մայիս 11-ին հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ` քննարկելով Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ բանակցութիւններու ընթացքը: Լուրը հաղորդած է Պլինքըն, «Թուիթըր»-ի իր էջին կատարելով հետեւեալ գրառումը.-
«Այսօր Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ խօսեցայ, թէ ինչպէս Միացեալ Նահանգներ կրնայ շարունակել աջակցիլ` Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններու վերջին շրջանի դրական ընթացքին»։
Այս զրոյցին մասին նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակած է, նշելով որ՝ կողմերը քննարկած են նաեւ «հետագայ յստակ քայլերը` ուղղուած Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման, այս շրջանակին մէջ` սահմանագծման եւ սահմանազատման, հաղորդակցութեան ուղիներու բացման եւ մնացած հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման։
Նախարար Պլինքըն վերահաստատած է, որ ԱՄՆ պատրաստ է աջակցելու նաեւ համախոհ գործընկերներու հետ, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահի դերով օգնելու երկիրներուն՝ գտնելու մնայուն համապարփակ խաղաղութիւն»,– նշուած է նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։
ԱՄՆ-ու նախարարը նաև ընդգծած է «մարդկային իրաւանց եւ հիմնական ազատութիւններու նկատմամբ յարգանքի աճը» եւ «գնահատած այն կարեւոր դերը, որ Ազերպայճան կը շարունակէ խաղալ Եւրոպայի ուժանիւթի անվտանգութեան գործին մէջ»: