Մայիս 11-ին, Շուշի այցելած է Ալիեւ եւ հոն յայտարարած է, թէ՝ «Այսօր Ղարաբաղի եւ Զանգեզուրի մէջ կը ծածանի Ազերպայճանի դրօշը»։
Ազերպայճանի ղեկավարը Շուշի կը գտնուէր իր հօր՝ նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւի ծննդեան 99-ամեակին օրը։
“Իմ հայրը, ցաւօք սրտի, չտեսաւ այս օրը”,– ըսած է Ալիեւ, աւելցնելով որ՝ տակաւին 2003-ին երդուած է՝ շարունակել հօր գործն ու վերականգնել Ազերպայճանի հողային ամբողջականութիւնը։
“Ես երջանիկ մարդ եմ, քանի որ չդրժեցի իմ խոստումը եւ Ղարաբաղը այսօր ազատ է”,– շեշտած է Իլհամ Ալիեւ։
Նախորդ օրը Ալիեւ եւ իր կինը այցելած են նաեւ բռնագրաւուած Ֆիզուլի՝ ծանօթանալու այնտեղ տարուող շինարարական աշխատանքներուն: Անոնք մասնակցած են մասնագիտական վարժարանի եւ շրջանային հիւանդանոցի հիմնարկէքին եւ ծառեր տնկած՝ կեդրոնական զբօսայգիին մէջ:
Իսկ Շուշիի մէջ անոնք ներկայ եղած են «Ազերըշըք» ելեկտրակայանի թուային կառավարման կեդրոնի բացման, ծանօթացած «Շուշի» պանդոկի, «Շիրին Սու» համամի, դպրոցի մը եւ քանի մը այլ կառոյցներու շինարարութեան աշխատանքներուն:
Իլհամ Ալիեւ կրկին անգամ մեղադրած է հայկական կողմը՝ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքներն ու գիւղերը, պատմական յուշարձանները աւերելու յանցանքով.– “Տարածաշրջանի, Ղարաբաղի մարգարիտը համարուող Շուշին հասցուցած են սարսափելի վիճակի”,– ընդգծած է ան։
Մինչ Ալիեւ մեղադրանքներ կը յղէ հայկական կողմին ուղղութեամբ, Արցախի իշխանութիւնները պարբերաբար ահազանգ կը հնչեցնեն Ազերպայճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային կոթողներու ոչնչացման դէպքերու մասին։ ՄԱԿ-ի մշակութային ժառանգութեան պահպանութեամբ զբաղող հիմնական կառոյցը՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ն, պատերազմի աւարտէն մէկուկէս տարի ետք դեռ չէ բարեհաճած այցելել Լեռնային Ղարաբաղ։