Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին (ՄԻԵԱ) մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ, փաստաբան Սիրանուշ Սահակեան տեղեկացուցած է, թէ Արցախի Փառուխ գիւղին մէջ ընթացիկ տարուան Փետրուար-Մարտ ամիսներուն տեղի ունեցած դէպքերու եւ կազամատակարարման անջատումներու փաստերով Հայաստան Ապրիլ 25-ին բողոք ներկայացուցած է ՄԱԿ–ի Արդարադատության միջազգային ատեանին, որ կը գտնուի Լա Հէյ։
Նշենք, թէ ազերպայճանական զօրքերը Մարտ 24-ին Ասկերանի շրջանի Փառուխ գիւղի ուղղութեամբ խախտած էին շփման գիծը եւ հաստատուած՝ գիւղին, ինչպէս նաեւ յարակից Քարագլուխ բարձունքի մէկ հատուածին մէջ։ Այդ օրերուն Ասկերանի շրջանի Խրամորթ համայնքէն հեռացուած էր շուրջ 200 կին եւ երախայ, վտանգի տակ յայտնուած էր նաեւ բնակավայրի հայկական մշակութային ժառանգութիւնը։
Մարտ 24-էն ի վեր Ազերպայճանի զինեալ ուժերը տակաւին կը շարունակեն գրաւած պահել նշեալ տարածքը։