Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Freedom House դիմած է Հայաստանի մէջ բողոքի ցոյցի մասնակիցներուն եւ ոստիկանութեան

Freedom House իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը անդրադարձած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող բողոքի ցոյցերուն՝ կոչ ընելով մասնակիցներուն խաղաղ ճանապարհով պաշտպանելու իրենց հիմնական իրաւունքները, իսկ ոստիկանութեան՝ զերծ մնալու անհամաչափ ուժ կիրարկելէ:

«Արմէնփրէս»-ի համաձայն՝ Freedom House այս մասին գրած է «Թուիթըր»-ի իր հաշիւին։ 

Կազմակերպութիւնը նշած է, որ զիրենք կ՚անհանգստացնեն Հայաստանի մէջ լրագրողներու, հասարակական գործիչներու եւ պարզ քաղաքացիներու դէմ տեղի ունեցող բռնութիւնները՝ բողոքի ցոյցերու ժամանակ:

Freedom House նաեւ աւելցուցած է, որ Հայաստանի իշխանութիւններն ու ընդդիմութիւնը պէտք է յարգեն ժողովրդավարական եւ մարդկային իրաւանց հաստատութիւններու, այդ կարգին՝ քաղաքացիական հասարակութեան եւ լրասփիւռներու անխոչընդոտ գործունէութիւնը, որոնք անհրաժեշտ են երաշխաւորելու համար բոլոր քաղաքացիներու իրաւունքները՝ ժողովրդավարական չափանիշերուն համապատասխան: