Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ. Պայտընի վարչակազմը կ՚ուզէ «Էֆ․16»-եր վաճառել Թուրքիոյ

 

«Այդ կը բխի Ուաշինկթընի ազգային ապահովութեան շահերէն»

Սպիտակ տան աղբիւր մը Մայիս 12-ին հաստատած է, որ երկրին վարչակազմը  Գոնկրէսին ուղղած է դիմում մը, ուր կը թելադրուի ընդառաջել Թուրքիոյ՝ «Էֆ․16» հալածիչներ ալ ընդգրկող շուրջ 500 միլիոն տոլար սպառազինութեան վաճառքի ծրագրին, քանի որ «այդ կը բխի Ուաշինկթընի ազգային ապահովութեան շահերէն»: 

ԱՄՆ-ու վարչակազմը այս քայլին դիմած է մինչ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը եւ շարք մը այլ կազմակերպութիւններ ու աւելի քան 50 գոնկրէսականներ դիմած էին նախագահ Պայտընի ու երկրին իշխանութիւններուն, որ կասեցնէ Թուրքիոյ «Էֆ․16»-եր վաճառելու ծրագիրը։ Ի վերջոյ, Ուաշինկթըն մերժած էր Անգարայի առաջարկած 6 միլիառ տոլարի ծրարը, որ կ՚ընդգրկէր 40 արդիական «Էֆ․16»-երու գնումի եւ թրքական օդուժին ունեցած 80 «Էֆ․16»-երու արդիականացման առաջարկը։  

Ըստ ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան՝ հակառակ Թուրքիոյ հետ Միացեալ Նահանգներու լարուած յարաբերութիւններուն, Ուքրաինայի հետ Անգարայի ռազմական կապերը «կարեւոր զսպող գործօն են շրջանին մէջ, վնասակար ազդեցութիւններու դէմ»:

Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը հասած է այն եզրակացութեան, որ Թուրքիա արդէն «բաւական մեծ գին վճարած է» ռուսական «Էս․ 400» հակաօդային համակարգերը գնելուն համար, որուն պատճառով Ուաշինկթըն հրաժարած էր անոր՝ աւելի արդիական «Էֆ․35» հալածիչներ վաճառելու ծրագրէն: