Ռուս-ուքրաինական պատերազմին սկիզբէն ի վեր յաճախ կը խօսուէր եւրոպական դեռ ոչ-անդամ որոշ երկիրներու՝ ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան մասին։ Ասոնցմէ էին Շուէտն ու Ֆինլանտան։
Հակառակ Ռուսաստանի ընդդիմութեան եւ նախազգուշացումներուն՝ այդ երկու երկիրները, ի վերջոյ, պաշտօնապէս յայտարարեցին Ատլանտեան ուխտին միանալու իրենց ցանկութիւնը, այդ մէկը ուրիշ հարց թէ՝ ո՜վ գիտէ ինչպիսի սակարկութիւններէ ետք։ Եւ, չուշացաւ ռուսական հակազդեցութիւնը. Մոսկուա սկսաւ նախ Ֆինլանտայի հետ հաշուեյարդարով, անմիջապէս յայտարարելով որ՝ կը խզէ այդ երկրին ելեկտրականութեան մատակարարումը։
Բայց, ասկէ անդին, բուն հարցականը ներկայիս կը վերաբերի նշեալ երկու երկիրներու անդամակցութեան սպառնացող լուրջ խոչընդոտին որ՝ Թուրքիան է։ Անգարա յայտարարած է, թէ Թուրքիոյ թշնամի ահաբեկչական խմբաւորումներու ապաստան տուող այդ երկիրները չեն կրնար իր դաշնակիցը դառնալ։ Խօսքը կը վերաբերի քրտական ՓՔՔ-ի որոշ կառոյցներուն, որոնք արմատ նետած են յատկապէս Շուէտի մէջ։
Անկեղծ ըլլալու համար, բացի Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կուրօրէն հաւատք ընծայող էրտողանապաշտներէն կամ անոնց նմաններէն, ողջմիտ ոչ ոք կը հաւատայ Անգարայի այս տկար, ոչ-համոզիչ պատճառաբանութեան։ Մանաւանդ որ՝ առաջ քշուած պատրուակը գրեթէ չի ալ համապատասխաներ Ֆինլանտայի պարագային։
Ուրեմն ի՞նչ կայ ետին։
Դժուար չէ կռահելը։ Անգարայի ձեռքը հրաշքով անցած է անսպասելի, անհաւատալի խաղաքարտ մը, որ կ՚ուզէ լաւագոյնս գործածել Ռուսաստանի դէմ։ Այդ մէկը, ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան ընթացակարգի խաղաքարտն է։ Արդարեւ, մէկ ու միակ վեթօն բաւարար է, որ ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան տուեալ գործընթաց մը ձախողի։
Հետեւաբար, ամենայն հաւանականութեամբ Անգարա ներկայիս «աճուրդ» մը պիտի յայտարարէ այս խաղաքարտով, Ռուսաստանէն կորզելու համար թուրքեւազերական հեռանկարներուն նպաստաւոր նորանոր զիջումներ, որոնք կրնան արդէն ամպոտ հայկական երկինքը ա՛լ աւելի մթագնել։
Յ.Գ.- Շուէտ եւ Ֆինլանտա Թուրքիոյ դիմելով փափաք յայտնած էին հարցը ուսումնասիրելու Արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով։ Մայիս 14-ին, Պերլինի մէջ տեղի ունեցած ՕԹԱՆ-ի ժողովի լուսանցքին՝ Չաւուշօղլու հանդիպումներ ունեցած էր շուէտացի եւ ֆինլանտացի իր պաշտօնակիցներուն հետ։
Առայժմ վերահասու չենք եղած այդ տեսակցութիւններուն բովանդակութեան, արդիւնքներուն, բայց կը յուսանք որ՝ սքանտինաւեան այդ զոյգ երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարները գոնէ բանակցած չըլլան նշեալ պատճառաբանութիւնը իւղի պէս կլլածներու դիրքերէ։ Միայն գիտենք որ՝ նախորդ օր, Շուէտի Արտաքին գործոց նախարարուհի Անն Լինտը շշմած է լսելով որ՝ Թուրքիա տաք աչքով չի դիտեր իրենց անդամակցութիւնը։ “Դեռ առջի օր տեսակցութիւն ունեցայ իմ թուրք պաշտօնակիցիս հետ. բնաւ խօսք չըրաւ այս մասին”,– յայտարարած է ան։
Ա.Դ.