Կիրակի, Մայիս 15-ին, Մոնփըլիէի քաղաքապետ Միքայէլ Տըլաֆոսի, Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեանի եւ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանի մասնակցութեամբ, Մոնփըլիէի քաղաքապետարանին ետեւի կողմը գտնուող տարածքը հանդիսաւոր արարողութեամբ անուանակոչուեցաւ «Հայաստանի հանրապարտէզ»։
Քաղաքապետարանին առջեւ տեղի ունեցած արարողութեան՝ յաջորդաբար ելոյթ ունեցան Մոնփըլիէի եւ շրջանի հայ համայնքին անունով՝ Գոհար Գալուստեան եւ Յովհաննէս Սարգսեան, Մոնփըլիէի «Հայկական բարեկամական»-ի նախագահ, Փօլ Վալերի համալսարանի դասախօս փրոֆ. Ժերար Տէտէեան, տիկին Յասմիկ Տոլմաջեան։
Անոնք իրենց ճառերուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեցին Ֆրանսային, քաղաքապետին, քաղաքապետական խորհուրդին, նախկին քաղաքապետ Ժորժ Ֆրեշին։ Նշուեցաւ որ՝ Մոնփըլիէի՝ Հայութեան հետ կապերը կ՚երկարին մինչեւ 13-րդ դար, Հայոց Կիլիկեան թագաւորութեան օրերը։ Տէտէեան աւելցուց, որ այդ կապերը կարելի է երկարել նոյնիսկ մինչեւ 4-րդ դար, քանի որ հոն կը գտնենք ոմն Սէն Պլէզ տ՚Արմենիի անունը, որ ծանօթ էր յատկապէս կոկորդի ցաւերը դարմանելու իր կարողութիւններով։
Նշուեցաւ նաեւ որ Մոնփըլիէ Ֆրանսայի այն առաջին քաղաքներէն մէկը եղած է, ուր Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին յուշակոթող բարձրացուած է 1986-ին, քաղաքապետ Ժորժ Ֆրէշի օրօք։
Արտասանուած խօսքերուն մէջ արծարծուեցան ֆրանքեւհայկական բարեկամութիւնը, Մոնփըլիէի՝ Հայոց եւ Հայաստանի նկատմամբ զօրակցական աւանդական կեցուածքը ընդհանրապէս, եւ յա՛տկապէս 2020-ի պատերազմին։ Տիկին դեսպանուհին յիշեց քաղաքապետ Տըլաֆոսի անսակարկ զօրակցութիւնն ու մասնակցութիւնը Արցախեան պատերազմի օրերուն՝ հակամարտութեան վերջ տալու կոչերով տեղի ունեցած ցոյցերուն։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ քաղաքապետին նախաձեռնութեամբ քաղաքապետական խորհուրդին ընդունած՝ Արցախի ճանաչման մաղթանքին համար։ Յատուկ ակնարկութիւն եղաւ նաեւ Մոնփըլիէի համագործակցութիւններուն՝ հայկական զանազան կառոյցներու հետ, տարբեր ոլորտներու մէջ, բայց յատկապէս՝ Փօլ Վալերի համալսարանի եւ Երեւանի Պետական համալսարանի համագործակցութեան։ Այս առումով՝ տիկին դեսպանուհին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց փրոֆ. Տէտէեանին, ընդգծելով որ՝ ի մասնաւորի այս համալսարաններուն միջեւ, բայց նաեւ ընդհանրապէս Մոնփըլիէի՝ Հայաստանի հետ գործակցութեան գլխաւոր ճարտարապետն է։
Հուսկ խօսք առաւ քաղաքապետը, որ սկիզբէն հաստատեց, թէ միշտ պիտի պաշտպանեն Արցախի հողային ամբողջականութեան իրաւունքն ու խաղաղութիւնը։ Ի միջի այլոց, նշելէ ետք թէ՝ փրոֆ. Տէտէեանը իր դասախօսը եղած է համալսարանական տարիներուն, Տըլաֆոս ըսաւ, որ այս հանրապարտէզը Հայաստանի անունով կոչելու որոշումը կայացուցած են Արցախեան պատերազմի օրերուն, ցոյց տալու համար որ Մոնփըլիէ կողքին է Հայութեան եւ Հայաստանի։ “Եւ ընտրուած վայրը դիպուածային չէ, Հայաստանի տեղը պէտք է ըլլայ քաղաքապետարանին քով”,– ըսաւ ան։
Վերջերս շատերու կողմէ յաճախ կը նշուի Միսաք Մանուշեանի աճիւնը Փանթէոն փոխադրելու անհրաժեշտութիւնը։ Քաղաքապետ Տըլաֆոս եւս միացաւ անոնց, ըսելով որ ինք եւ իր գլխաւորած քաղաքապետարանին ընտրեալները՝ այդ ուղղութեամբ իրենց մաղթանքը կը յայտնեն նախագահ Մաքրոնին։
Ան ըսաւ նաեւ որ Ցեղասպանութեան հեղինակները պէտք է առերեսին ճշմարտութեան հետ եւ ճանչնան ոճիրը։ “Ես անձամբ, ոչ մէկ ժխտողի թոյլ պիտի տամ արտայայտուիլ հոս՝ Մոնփըլիէի մէջ եւ այլուր”,– աւելցուց ան, ընդգծելով որ՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճշմարտութիւն մըն է եւ այդ ճշմարտութիւնը պէտք է ուսուցուի կրթական հաստատութիւններու մէջ, որպէսզի յաջորդող սերունդները ծանօթանան «Չարութեան դէմքին»։
Տըլաֆոս իր ելոյթը աւարտեց խոստանալով ընդառաջել տիկին դեսպանուհիին՝ իրեն կատարած Երեւան այցելութեան առաջարկին։
Կ՚արժէ նաեւ նշել որ՝ այս հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ քաղաքապետարանի « Espace Jean Jaurès » մասնաբաժնին առջեւ, այլ խօսքով այն վայրին, որ կոչուած է Հայոց բարեկամ Ժօրէսի անունով, որ 19-րդ դարու համիտեան ջարդերու ընթացքին յատկապէս, բազմիցս ձայն բարձրացուցած է հայ ազգաբնակչութեան ենթարկուած բարբարոսութիւններուն մասին, բայց չէ լսուած։ Ամբողջ խորհրդանիշ մը։
Յաջորդաբար արտասանուած ելոյթներէն ետք՝ արարողութեան մասնակիցները ուղղուեցան դէպի քաղաքապետարանի ետին գտնուող հանրապարտէզը, որ քօղազերծման հանդիսութենէն ետք պաշտօնապէս պիտի կրէր «Հայաստանի հանրապարտէզ» անուանումը։
Թ.Շ.