Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Մայիս 16-ին Ալժերիոյ նախագահին հետ ունեցած հանդիպումէն ետք պատասխանած է լրագրողներու հարցումներուն։
Շուէտի եւ Ֆինլանտայի՝ ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Թուրքիոյ ղեկավարը ըսած է. “Բացէ ի բաց եւ յստակօրէն բան մը պէտք է նշեմ. այդ երկու երկիրներն ալ ահաբեկչութեան դէմ յստակ կեցուածք չունին։ Այլ հարց թէ՝ այս ընթացքին նոյնիսկ եթէ ելլեն ու ըսեն՝ «Մենք դէմ ենք» (խօսքը՝ Թուրքիոյ ահաբեկչական նկատած խմբաւորումներուն դէմ ըլլալու մասին է – «ՆՅ»), միւս կողմէ կը լսենք «պիտի չյանձնենք»-ի նման յայտարարութիւններ՝ ինչ կը վերաբերի այն ահաբեկիչներուն, զորս պէտք է յանձնեն։ Շուէտը արդէն ահաբեկչական կազմակերպութիւններու թխսարանի կեդրոնն է։ Մենք ասոնց ինչի՞ն վստահինք։ Երկուշաբթի պիտի գան եղեր. եթէ մեզ համոզելու համար պիտի գան, ներողամիտ ըլլան՝ ի զուր չյոգնին։ «Այո՛» պիտի չըսենք ՕԹԱՆ իրենց մուտքին, որովհետեւ այն ատեն ՕԹԱՆ-ը կը դադրի ապահովութեան կազմակերպութիւն մը ըլլալէ եւ կը դառնայ վայր մը, ուր խտացած են ահաբեկիչները”։
***
«ՆՅ» – Հետաքրքրական է նկատել, որ ՕԹԱՆ-ի անդամ բազմաթիւ երկիրներ կան (ինչպէս՝ Գերմանիան, Ֆրանսան, Պելճիքան, Նետերլանտները…) որոնք Թուրքիոյ կողմէ իսկ կը նկատուին քրտական ՓՔՔ-ի միջնաբերդեր (կը բաւէ թուրք մամուլին մէջ կարդալ պարբերական արձագանգները), բայց հիմա Շուէտը եւ մա՛նաւանդ «խեղճ» Ֆինլանտան (որ ցայսօր երբեք ՓՔՔ-ի ապաստան տուողի համբաւ ալ չէ «վայելած») Էրտողանի աչքին փուշ դարձած են։ Եւ դեռ ի՞նչ ըսել ՕԹԱՆ-ի «փաթրոն»-ին՝ ԱՄՆ-ու մասին, որ ապաստան տուած է Էրտողանի թիւ 1 թշնամիին՝ 2016 Յուլիս 15-ի պետական հարուածի փորձին պատասխանատու նկատուող Կիւլէնին, եւ հակառակ Թուրքիոյ տարիներու ջանքերուն՝ կը մերժէ վերադարձնել ենթական (դեռ առանց խօսելու այս երկրին՝ Թուրքիոյ հետ ունեցած ծանրակշիռ անթիւ-անհամար վէճերուն մասին)։
Ուրեմն, Էրտողանի վերեւի ակնարկութիւններու չափանիշով դատած՝ ի՜նչ ապահով կազմակերպութիւն, չէ՞։
Լրջանանք. յստակ է, Մոսկուայի հետ սակարկութիւնները յայտնապէս շատ արագ ընթացած են։ Եւ գիտենք թէ Անգարա ի՛նչ կու տայ, բայց չենք գիտեր թէ՝ ի՞նչ պիտի ստանայ։ Աչալուրջ պէտք է հետեւիլ յառաջիկայ զարգացումներուն, քանզի՝ սկանտինաւեան երկու երկիրներուն առջեւ ՕԹԱՆ-ի դուռին ուժգին փակման ցնցումը կրնայ զգալի ըլլալ հարաւային Կովկասի կողմերը։