Ուրբաթ, Մայիս 13-ին, ԱՓՔԱՖ-ի բարեսիրական ճաշին ընթացքին Ֆրանսայի թեմի անդրանիկ առաջնորդ՝ Նորվան արք. Զաքարեան, Եան՝ց Գլէօպի մէջ հաւաքուած շուրջ 80 հրաւիրեալներուն իր խօսքն ուղղելով անդրադարձաւ դպրոցաշինութեան նպատակին եւ աշխատանքին։ Դպրոց, կրթութիւն, հաւատք, ոգի, լեզու, ստեղծագործութիւն, գոյատեւում, համայնք, Սփիւռք… կենսական թեմաներ են, որոնք հասարակական կեանքի մէջ քննարկումներէ զերծ մնացած են, բացի կարգ մը լրագրային յօդուածներէ եւ հաւանաբար մտաւորական ու դպրոցական նեղ շրջանակի հետաքրքրութենէ։
Մինչեւ 1980-ական թուականները Ֆրանսայի մէջ գործած են երկու հայկական կրթական հաստատութիւններ. Մխիթարեան վարժարանը եւ Դպրոցասէրը, որոնք երկուքն ալ նախաեղեռնեան կառոյցներ են։ Դպրոցասէրը Պոլսէն անցած է Յունաստան, հասած՝ Ֆրանսա՝ Մարսիլիա, վերջապէս կայք հաստատելու համար Ռենսի։ Մխիթարեան վարժարանը դադրած է գոյութիւն ունենալէ, փոխարէնը 1980-էն ի վեր Ֆրանսայի մէջ ծայր առած է դպրոց կառուցելու շարժում մը, որ հայկական դպրոցներու թիւը հասցուցած է 8-ի։
Տակաւին Ֆրանսայի մէջ հայկական դպրոցը չէ գտած իր զարգացումին բնական ընթացքը, ներքին տրամաբանութիւնը։ Ինչ որ Միջին Արեւելքի Հայութեան համար բնական երեւոյթ է՝ հայկական վարժարան, եկեղեցի, կուսակցութիւն, ակումբ, համայնքային կեանք, Ֆրանսայի հայութեան համար անկարելի եղած է։ Նոյնիսկ ներկայիս տակաւին դպրոցները նիւթական հաւասարակշռուած պայմաններով ապահովուած չեն, ո՛չ ալ կրթական գետնի վրայ հայերէնի ուսուցումը, իր կրթական ծրագրով, երկլեզու դաստիարակութեամբ, ուսուցիչներով։ Կայ նաեւ դպրոցներու քանակի հարցը, որ ժամանակի ընթացքին պէտք է ինքնաբաւ դարձնէ ուսուցիչներու, տնօրէնութեան, դպրոցի պաշտօնէութեան վերարտադրութիւնն ու պատրաստութիւնը։ Դեռ այսօր ալ, եթէ չըլլայ Միջին Արեւելքը՝ հայկական դպրոցները մեծ մասամբ կը մնան առանց ուսուցչի։ Այս խնդիրներուն արծարծումը էական է հայկական դպրոցներուն կայուն զարգացումի պայմաններ որոնելու եւ հայ համայնքի նեցուկը վայելելու տեսանկիւնէն։
Նորվան սրբազան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Սփիւռքի գոյութենական ընդհանրական խնդիրներուն եւ վերոնշեալ հարցերէն մի քանի հատին, ԱՓՔԱՖ-ի գործունէութեան ծիրէն ներս։ Առաջինը, կը վերաբերէր Սփիւռքի գոյութենական պայքարին. Մեծ Եղեռնէն 107 տարի ետք, տակաւին Աղէտին հետեւանքները չեն վերացած, գոյութենական պայքարը կը շարունակուի։ Կարեւոր ընդգծում մըն էր Սրբազանին անդրադարձը ստեղծագործական ուժի երեւոյթին, որ Հայութիւնը կանգուն կը պահէ։ Այն ինչ չեն կրցած ջնջել Երիտթուրքերը, ստեղծագործելու կարողութիւնն է։ Եւ հետաքրքրական զուգահեռներ էին՝ լեզու, ստեղծագործելու կարողութիւն եւ ոգի համապատասխանութիւնները, որոնք աւելի խոր քննարկումներու կը կարօտին։ Մէկ խօսքով լեզուն՝ ոգին է։ Դպրոցը անհրաժեշտ է լեզուն կենդանի պահելու, որ իր կարգին ոգի է, ստեղծագործելու կարողութիւն։
Դպրոցի համար պայքարը՝ Հայութեան համար գոյութենական պայքար է։ Ինչպէ՞ս, ի՞նչ միջոցներով Արեւմտեան ափերուն հայկական Սփիւռքը կը ստեղծէ իր բնական զարգացումը ապահովելու պայմանները։
ԱՓՔԱՖ-ը իբրեւ հայկական մշակութային զարգացման ընկերակցութիւն, ներկայիս լծուած է դպրոցաշինութեան նիւթականը ապահովելու աշխատանքին։ Ապագային յոյս ունի նաեւ կրթական եւ մշակութային կենսական կառոյցներուն նիւթական կարիքները հոգալու պարտականութիւնը ստանձնելու։
Դպրոց մը միայն շէնք չէ, ապրող մարմին է, պէտք ունի կրթական ծրագրի, կարող դաստիարակներու, համայնքային առողջ միջավայրի։ Բարեբախտաբար, Սփիւռքի մէջ դեռ կան համահայկական անկախ կառոյցներ որոնք ստանձնած են կրթական մարզը զարգացնելու ծանր պարտականութիւնը, ինչպէս Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը, որ լծուած է հայերէն լեզուի ուսուցման նորարարական մեթոտներու ուսումնասիրութեան, նոր ուսուցիչներու, կրթական գործիչներու պատրաստութեան փորձառական աշխատանքին։ Լծուած է նաեւ գրական ու ստեղծագործական աշխատանքները խթանելու, համակարգչային արդիական ծրագրեր իրագործողներուն նեցուկ կանգնելու, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայ ազատ մամուլին նպաստելու գործին, որոնք բոլորն ալ կարեւոր լծակներ են լեզուն եւ մշակոյթը կենսունակ պահելու համար։
Ժ.Չ. ■