Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հսկողութեան տակ առնուած են Նայիրա Զօհրաբեանն ու Արմէն Աշոտեանը

Ընդդիմութեան՝ անհնազանդութեան ցոյցերը, պահ մը գաւառի շրջաններ փոխադրուելէ ետք, կը շարունակուին Երեւանի մէջ։

Մայիս 17-ի առաւօտեան տեղի ունեցող ցոյցերու ընթացքին՝ ուրիշներու հետ հսկողութեան տակ առնուած են նաեւ Ազգային ժողովի նախկին երեսփոխաններ Նայիրա Զօհրաբեանն («Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան նախկին անդամ)  ու Արմէն Աշոտեանը (ՀՀԿ-ական)։

Վերջինս Դիմագիրքի իր էջին գրած է.

«Բռնեցին ստոր ձեւով։ Չթողնելով, որ ծաղիկ խոնարհեմ ցեղասպանութիւնների զոհերի յուշակոթողի մօտ։

Էրեբունի բաժանմունքում եմ»:

Աւելի վերջ հսկողութեան տակ առնուած է նաեւ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի որդին՝ Լեւոնը: