Մայիս 18-ին, «Թանգարաններու միջազգային օր»-ուան առիթով, Արցախի մէջ գործող թանգարանները կազմակերպած են զանազան ցուցադրութիւններ: Անոնցմէ յիշենք Ստեփանակերտի Մշակոյթի և երիտասարդութեան պալատին՝ «Հադրութ. բռնագրաւուած յուշարձաններ» խորագիրը կրող ցուցահանդէսը, ուր լուսանկարներով ցուցադրուած են այդ քաղաքի տարածքին գտնուող յուշարձանները:
Ցուցադրության բացման արարողութեան ելոյթներ ունեցած են Արցախի Հանրապետութեան (ԱՀ) Պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան, Կրթութեան, գիտութեան, մշակութի եւ մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարարուհի Անահիտ Յակոբեան, Հադրութի շրջանի հոգեւոր հովիւ Մատթէոս քահանայ Դեւավենց, Մեծ Թաղերու «Արմենակ Խանփերեանց» թանգարանի վարիչ Արծիւ Լալայեան եւ այլք:
Ձեռնարկի աւարտին թանգարանային ոլորտին մէջ տարիներու իր գործունէութեան համար ԱՀ ԿԳՄՄ նախարարութեան կողմէ պատուոյ գիր յանձնուած է Արծիւ Լալայեանին:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։