ParsToday-ի համաձայն՝ Իրանի Ճամբաներու եւ քաղաքաշինութեան նախարարը Ազերպայճանի փոխվարչապետին հետ հանդիպումին նշած է, թէ Թեհրան պատրաստ է իրագործելու «Արեւելեան Զանգեզուր»-ի եւ Նախիջեւանի միջեւ Իրանէն անցնող երթեւեկութեան միջանցքը։
Մայիս 18-ին, Իրանի նախարար Ռոստամ Ղասեմի՝ Ազերպայճանի փոխվարչապետ Շահին Մոսթաֆաեւի հետ Թեհրանի մէջ կայացած հանդիպումին՝ անդրադառնալով երկու երկիրներու բարեկամութեան և սերտ յարաբերութիւններուն, ըսած է, որ «երկու երկիրներու միջեւ ջուրի, ելեկտրական ուժանիւթի, արդիւնաբերութեան եւ քարիւղի բնագաւառներուն մէջ բազմաթիւ խնդիրներ կան, սակայն ամէնէն գլխաւորը՝ տարանցումի խնդիրն է»:
Ղասեմի աւելցուցած է, որ Իրան պատրաստ է վերջնական ձեւի բերելու «Արեւելեան Զանգեզուր»-ի և Նախիջեւանի միջեւ Իրանէն անցնող երթեւեկութեան միջանցքի կառուցման պայմանագիրը:
Շահին Մոսթաֆաեւ նոյնպէս յայտարարած է, թէ Իրան կատարած իր այցելութեան ընթացքին քննարկուած կարեւորագոյն նիւթերէն եղած է տարանցումի հարցը։
Ան աւելցուցած է, որ Ալիեւ մեծ նշանակութիւն կու տայ Իրանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման, եւ «ազատագրուած տարածքներ» (չակերտները՝ մեր կողմէ) կատարած այցի ընթացքին Իրանի սահմանը անուանած է բարեկամութեան ու եղբայրութեան սահման։