ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, ուր ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան կոչ կ՚ընէ վերանայելու Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ու դեսպանի դիւանագիտական գնահատականը՝ «նկատի ունենալով անոր ձախողութիւնները» (չակերտները մեր կողմէ – «ՆՅ»)։
Ստորեւ կը ներկայացնենք յայտարարութիւնը․
«Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ իր աւելի քան եռամեայ դիւանագիտական ծառայութենէն յետոյ դեսպան Լին Թրեյսի կրկին Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբէն ստացած է F (failure/ձախողութիւն) գնահատականը։ Առաջին անգամ՝ 2020 Դեկտեմբերին, Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբը դիմած էր ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան՝ խնդրելով վերանայիլ դեսպանի դիւանագիտական գնահատականը՝ նկատի ունենալով 15 ոլորտի մէջ անոր ձախողութիւնները։
Անցնող գրեթէ մէկուկէս տարիներու ընթացքին նոյնպէս դեսպան Թրեյսի, ի շարս այլոց, ձախողած է հայ ժողովուրդին համար խիստ կարեւորութիւն ունեցող այնպիսի բնագաւառներու մէջ, ինչպէս օրինակ՝ արցախցի տեղահանուածներուն համար ամերիկեան օժանդակութեան բացակայութիւնը, հայաստանեան քաղաքական դաշտին մէջ նախընտրած ուժեր ունենալը, Հայաստանի ապահովութեան եւ տարածաշրջանային յարաբերութիւններու շարունակական բարդացումը, հայ ռազմագերիներու անօրինական կալանաւորումներուն, բռնութիւններուն ու սպանութիւններուն պատշաճ չանդրադառնալը։
Այս առիթով Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբի նախագահ Րաֆֆի Համբարեան կը նշէ․ “Ինչպէս նախապէս ալ ըսած եմ՝ Հայ դատի յանձնախումբը կը փափաքի, որ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ու իւրաքանչիւր դեսպան ըլլայ յաջողակ: Ցաւօք, դեսպան Թրեյսի իր լռութեան աւելացուցած է 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին աւելի քան 90.000 տեղահանուած Արցախահայերու եւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին ազերպայճանական շարունակական ոտնձգութիւններու նկատմամբ անխոհեմ արհամարհանքը։ Հայաստան մէջ դեսպանի պաշտօնին իր պաշտօնավարման երեք տարին լրանացնելէ յետոյ դեսպան Թրեյսի կը շարունակէ ձախողիլ հարց առ հարց՝ շատ հեռու ըլլալով Հայաստանի մէջ ամերիկեան յանձնառու դեսպանէն ակնկալուող հիմնական մասնագիտական որակներէն”։
Որպէս կանոն՝ ԱՄՆ-ու դիւանագիտական ծառայութեան աշխատակիցները երեք տարին մէկ կը փոխարինուին եւ կը ստանձնեն դիւանագիտական նոր պաշտօն: Քանի որ Հայաստանի մէջ գործող դեսպանին երեք տարին արդէն լրացեած է, Հայ դատի յանձնախումբը նախագահ Պայտընի վարչակազմին կոչ կ՚ընէ ամուր հիմքերու վրայ վերականգնել ԱՄՆ-Հայաստան յարաբերութիւնները՝ առաջարկելով նոր դեսպան: Յանձնախումբը սերտօրէն կ՚աշխատի ԱՄՆ-ու Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին հետ՝ յաջորդ դեսպանի անյապաղ հաստատումն ու ամերիկեան արժէքներու իրապէս արտացոլումը երաշխաւորելու համար»։