Արցախի Նախագահի մամլոյ բանբեր Լուսինէ Ավանէսեան Մայիս 23-ին յայտնած է, թէ Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն կեցուածքը՝ Արցախի ժողովուրդի ճակատագրին վերաբերեալ՝ բազմաթիւ անգամներ յայտարարուած է նախագահին եւ Ազգային ժողովին կողմէ։
Այս կապակցութեամբ ան յիշեցուցած է 2021 Դեկտեմբերին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հրապարակած քանի մը կէտերը.-
1. Արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի լիարժէք ճանաչումը որեւէ վերապահման եւ զիջման ենթակայ չէ։ Այդ հարցի բացառիկ տէրը Արցախի ժողովուրդն է։
2. Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան միջազգային ճանաչումը կը մնայ իշխանութիւններու ուղենիշը։ Ազերպայճանի կազմին մէջ որեւէ կարգավիճակ անընդունելի է։
3․ Ոչ միայն կարգավիճակի, այլեւ ժողովրդագրական առումով վերադարձ անցեալին՝ անընդունելի է։ Արցախի Հանրապետութիւնը ունի իր հողային ամբողջականութիւնը վերականգնելու խնդիր։
“Արցախի իշխանութիւնը իր քաղաքականութիւնը կը կառուցէ ու կը գործադրէ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակագրին եւ մայր օրէնքին համապատասխան՝ համագործակցելով բոլոր գործընկերներուն հետ”,– ընդգծած է ԱՀ նախագահի բանբերը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։