Մայիս 22-ին Կարէն Դեմիրճեան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցած է կռփամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան բացման արարողութիւնը, որուն մասնակցած է նաեւ «Բերդ» պարային համոյթը։
Պարուհիները բեմ բարձրացած են «սարեանական» գոյներու տարազներով։
Կռփամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումները կը տեւեն մինչեւ Մայիս 30։ Այդ նպատակով Հայաստան ժամանած են 200-է աւելի կռփամարտիկներ 39 երկիրներէ։
Ազերպայճան չի մասնակցիր այս մրցաշարքին։
Լուսանկարը՝ «Բերդ» պարային համոյթի Դիմագիրքեան էջէն
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։