Փաշինեան-Ալիեւ Պրիւսէլեան բանակցութիւններուն յաջորդ օրը՝ Մայիս 23-ին, Երեւանն ու Պաքուն գրեթէ միաժամանակ հրապարակեցին սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովներու կազմը։
Թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ազերպայճանի պարագային յանձնաժողովները կը գլխաւորեն փոխվարչապետեր՝ Մհեր Գրիգորեանն ու Շահին Մուստաֆաեւը, որոնք նաեւ երթեւեկութեան ապաշրջափակման եռակողմ՝ (Հայաստան, Ազերպայճան, Ռուսաստան) յանձնաժողովներու անդամներ են։ Յանձնաժողովներու առաջին նիստը տեղի կ՚ունենայ յառաջիկայ օրերուն՝ հայ-ազերպայճանական միջպետական սահմանին։
Հայկական յանձնաժողովի կազմին մէջ,– բացի Գրիգորեանէն,– 11 ուրիշ պաշտօնեայ եւս ընգրկուած է՝ Արտաքին գործոց, Պաշտպանութեան, Արդարադատութեան ու տարածքային կառավարման նախարարներու, Կադաստրի կոմիտէի (Անշարժ գոյքի վարչական գործերու յանձնախումբ – «ՆՅ») նախագահի տեղակալները, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ զօրքերու հրամանատարն ու Զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետի տեղակալը։
Ազերպայճանական յանձնաժողովին մէջ,– բացի Մոստաֆաեւէն,– ընդգրկուած են 22 գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներ։
Մայիս 24-ին, Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջպետական սահմանին տեղի ունեցած է երկու երկիրներու փոխվարչապետերուն առաջին հանդիպումը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։