Երկիր մոլորակի ուղեծիր արձակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին տիեզերական արբանեակը: «Արմէնփրէս»-ի համաձայն՝ ՀՀ կառավարութեան Մայիս 26-ի նիստին սկիզբը այս մասին յայտնած է վարչապետ Փաշինեան:
“2022 Մայիսի 25-ին Երեւանի ժամով 22.35-ին ԱՄՆ-ի Կանավերալ հրուանդանում գտնուող տիեզերակայանից Space X ընկերութեան տիեզերանաւով երկիր մոլորակի ուղեծիր է դուրս բերուել Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին տիեզերական արբանեակը”,– ըսած է վարչապետը:
Փաշինեան աւելցուցած է, որ արձակումը տեղի ունեցած է հայկական պետական «Գեոկոսմոս» բաժնետիրական ընկերութեան եւ սպանական «Սատլանտիս» ընկերութեան համագործակցութեան շնորհիւ: “Տեղի ունեցածի նշանակութիւնը հնարաւոր չէ գերագնահատել, սրանով Հայաստանի Հանրապետութիւնը թեւակոխում է տիեզերական գործունէութեան դարաշրջան, եւ մենք յոյս ունենք, որ այս ոլորտում մեր ունեցած հարուստ աւանդոյթները կը վերականգնուեն: Նկատի ունեմ Հայաստանում երկար տարիներ գոյութիւն ունեցած տիեզերական գիտաարտադրական ոլորտը: Այս համատեքստում ուզում եմ ընդգծել, որ մեր առաջնահերթ նպատակներից մէկը տիեզերական արդիւնաբերութիւնների տեղայնացումն է ՀՀ-ում, ինչպէս նաեւ տիեզարական սարքերի արտադրութեան կազմակերպումը”,– ըսած է ՀՀ վարչապետը:
Ան նաեւ յայտնած է, որ արբանեակի արձակման վայրը ներկայ գտնուած են ՀՀ Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Ռոբերտ Խաչատրեան, ԱՄՆ-ու մէջ ՀՀ դեսպան Լիլիթ Մակունց: “Արբանեակի արձակման շուրջ բոլոր որոշումները կայացուել են գաղտնիութեան պայմաններում: Սա է պատճառը, որ նախնական որեւէ տեղեկատւութիւն չի հրապարակուել”,– նշած է Նիկոլ Փաշինեան:
Արբանեակէն ստացուելիք տիեզերական լուսանկարները պիտի օգտագործուին սահմաններու դիտարկման, արտակարգ իրավիճակներու կանխարգիլման եւ կառավարման, շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան, ներառեալ՝ կլիմայի փոփոխութեան դիտարկման, քաղաքաշինութեան, ճամբաներու շինութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ: ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։