Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Չկայ Արցախի կարգավիճակի որոշում առանց Ռուսաստանի

Կիրակի, Մայիս 22-ի պրիւսէլեան եռակողմ հանդիպումէն ետք, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի յայտարարութիւնը ակնյայտ ձեւով կը խուսափի Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին մասին արտայայտուելէ։ Բանակցութիւնները ընթացած են միջազգային օրէնքներու հիման վրայ, հաղորդակցական միջոցներու ապաշրջափակման, Հայաստան-Ազերպայճան սահմանազատման եւ Ազերպայճանի վերահսկողութեան տակ անցած շրջաններու ականազերծման, անհետացածներու եւ ռազմագերիներու վերադարձին, ինչպէս նաեւ Արցախի բնակչութեան անվտանգութեան երաշխաւորման շուրջ։

Երրորդ անգամն ըլլալով Շառլ Միշէլ կը յաջողի Հայաստանի եւ Ազերպայճանի ղեկավարները բանակցային սեղանի շուրջ բերել եւ ինքնահաստատուիլ իբրեւ միջազգային դերակատար, որ Արցախեան հակամարտութիւնը լուծելու կոչուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի լիազօրութիւնը առանց ժխտելու, կու գայ ձեւով մը շրջանցելու զայն, յա՛տկապէս Արեւմուտքի՝ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու միջազգային հարթակներու վրայ խզումէն ետք՝ հարաւային Կովկասի մէջ հակամարտութեան հանգուցալուծման ուղղուած բանակցութիւնները չկասեցնելու նպատակով։ Յայտնապէս, Ռուսաստանի դէմ պատիժները ամրապնդելու եւ անկէ քարիւղի գնումները կասեցնելու Արեւմուտքի քաղաքականութիւնը անհրաժեշտ կը դարձնէ հարաւային Կովկասի մէջ հակամարտութեան լուծումը,– որպէսզի Ազերպայճանի քարիւղի եւ կազի պաշարները տարածաշրջանէն խաղաղ պայմաններու մէջ արտածուին դէպի Եւրոպա,– եւ միաժամանակ՝ կը նուազեցնէ հարաւային Կովկասի մէջ ռուսական ազդեցութիւնը։

ԱՄՆ-ն եւ ԵԱՀԿ-ն շնորհաւորած ու քաջալերած են Եւրոպական խորհուրդին նախաձեռնութեամբ այս հանդիպումներու կազմակերպումը։ ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարը անձնապէս շահագրգռուած է բանակցութիւններու յաջողութեամբ, եւ յաճախակի հեռաձայնային զրոյցներ կ՚ունենայ Հայաստանի, Ազերպայճանի եւ Թուրքիոյ ղեկավարներուն հետ, շրջանի հակամարտութիւններու լուծման ուղղուած բանակցութիւններու յաջողութիւնը ապահովելու նպատակով։

Ռուսաստան, շատ ուշադրութեամբ կը հետեւի պրիւսէլեան բանակցութիւններուն։ Այս բոլորին մէջ Արցախի կարգավիճակին սահմանումը կը մնայ մեծագոյն հարցականը, որուն կը դժուարանան ուղղակի պատասխանել Հայաստանի խորհրդարանային ընդդիմութենէն մինչեւ կառավարութիւն, մինչեւ Եւրոպական խորհուրդ եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբ, այն պարզ պատճառով որ՝ Արցախի կարգավիճակի բանալին կը մնայ Ռուսաստանի ձեռքը, որ տեղւոյն վրայ ունի 2000-նոց խաղաղապահ զօրք։ Եւ 44-օրեայ պատերազմի աւարտին, նախագահ Փութին ու Արտաքին գործոց նախարար Լաւրով յստակօրէն յայտարարեցին որ՝ ներկայ փուլին դեռ կանուխ է Արցախի կարգավիճակը բանակցութեան նիւթ դարձնելու համար։ 

Հետաքրքրական է հայաստանեան դիրքորոշման մեկնաբանումն ու ընկալումը ներկայ փուլին, մինչ բանակցութիւնները դեռ կը շարունակուին։ Խորհրդարանական ընդդիմութեան գրեթէ ամիսէ մը ի վեր սկսած փողոցային ցոյցերը շատ պարզունակ կերպով դեռ կը շահագործեն Արցախը Ազերպայճանին յանձնելու՝ կառավարութեան «դաւաճանական» թէզը։ Շատերու համար ընդդիմութեան ցոյցերը Ռուսաստանի դրդումով կազմակերպուած են, որուն նպատակն է խոչընդոտել Արեւմուտքի վերադարձը հարաւային Կովկաս։

Մայիս 25-ի Ազգային ժողովի հարցում-պատասխանի ընթացքին վարչապետ Փաշինեան անդրադառնալով բանակցութիւններու գործընթացին, հաստատեց թէ՝ որքան ալ Ազերպայճան պնդէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման համար իր առաջադրած 5 կէտերուն վրայ, միջազգային դերակատարներուն համար Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը պիտի ստորագրուի Հայաստանի առաջադրած 6 կէտերուն եւ Ազերպայճանի 5-ին համադրութեամբ։ Բուն հարցը այն է թէ արդեօք Հայաստան-Ազերպայճան համաձայնութիւն մը պիտի լուծէ՞ նաեւ Արցախի խնդիրը։ Այս կէտին շուրջ կողմերուն միջեւ ըմբռնումի լեռ ու ձոր տարբերութիւն կայ։ 

ԱԳ նախարար Միրզոյեան պնդեց որ՝ բանակցութիւններու ժամանակ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ միջազգային հանրութեան մօտ հաստատուած է այն համոզումը, որ թուրքեւազերպայճանական «Զանգեզուրի միջանցք»-ային տրամաբանութիւն չկայ, այլ՝ կան ինքնիշխան պետութիւններու միջեւ մաքսային ու անցագրերու ստուգման՝ անցակէտի միջազգային օրէնքի կիրարկում։ Եւ խօսելով Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւններուն մասին՝ ան հաստատեց որ Թուրքիա այդ հարցը կը կապէ Հայաստան-Ազերպայճան բանակցութիւններու յառաջընթացին։

Ժ.Չ. ■