Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Փարիզի քաղաքապետուհին պաշտօնական այցով ժամանած է Երեւան

Պաշտօնական այցով Մայիս 26-ին Երեւան ժամանած է Փարիզի քաղաքապետուհի Անն Հիտալկօ: «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ զինք դիմաւորած է Երեւանի քաղաքապետի առաջին տեղակալ Լեւոն Յովհաննիսեան:

Ողջոյնի իր խօսքին մէջ Երեւանի առաջին փոխքաղաքապետը յոյս յայտնած է, որ նախատեսուած հանդիպումներուն ոչ միայն կը քննարկուին երկու մայրաքաղաքներու միջեւ արդէն իսկ նախատեսուած ու իրագործուած ծրագրերը, այլ նաեւ կարելի կ՚ըլլայ համաձայնիլ գործակցութեան նոր ոլորտներու շուրջ:

Փարիզի քաղաքապետուհին շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար, հաւաստած է, որ Ֆրանսայի մայրաքաղաքը՝ իրեն ի միջի այլոց Թումօ»-ի գաղափարը ներշնչած քաղաքին պատրաստ է աջակցելու եւ զօրակցելու ամէն ինչով՝ կարելիութիւններու սահմանին մէջ։

Այցի շրջանակին մէջ նախատեսուած էր Փարիզի քաղաքապետուհիին հանդիպումը Երեւանի քաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկուէին Հայաստանի եւ Ֆրանսայի մայրաքաղաքներուն հետագայ գործակցութեան ու ընթացիկ ծրագրերուն վերաբերող հարցեր:

Նշենք որ՝ Փարիզի քաղաքապետուհիին կ՚ընկերանար պատուիրակութիւն մը, որ կը բաղկանար քաղաքապետարանի՝ միջազգային հարցերու ընդհանուր պատուիրակ Փօլ-Տաւիտ Ռենիէէ, քաղաքապետուհիի՝ Ընկերակցական կեանքի, քաղաքացիական մասնակցութեան եւ հանրային վիճարկման հարցերու կցորդ Անոյշ Թորանեանէ,  Եւրոպայի, միջազգային յարաբերութիւններու եւ ֆրանսախօսութեան հարցերու կցորդ Առնօ Նկաչայէ։ Փարիզեան պատուիրակութեան հետ Երեւան գացած էին նաեւ Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան, Ֆրանսայի մէջ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, Փաթրիք Տեվեճեանի որդին՝ Ֆրանսուա Տեվեճեան, հայկական կազմակերպութիւններու պատասխանատուներ, ինչպէս՝ CCAF-ի համանախագահներ Արա Թորանեան եւ Մուրատ Փափազեան, ՀԲԸՄ-Ֆրանսայի նախագահուհի Նատիա Գործունեան։