Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՊՐԱԶԻԼ. Սաօ Փաոլոյի մէջ Արցախեան պատերազմներու զոհերու յիշատակին  յուշակոթող զետեղուած է

Արցախի նախագահի Սփիւռքի հարցերու խորհրդական Ազատուհի Սիմոնեան այս օրերուն պաշտօնական այցելութեամբ Պրազիլ կը գտնուի։ Ան «Արցախփրէս»-ին հաղորդած է, թէ Մայիս 29-ին, Սաօ Փաոլոյի մէջ մասնակցած է Արցախեան պատերազմներու զոհերու յիշատակին զետեղուած յուշակոթողի բացման եւ օրհնութեան արարողութեան։

Այդ առիթով քաղաքի Հայոց թեմի առաջնորդանիստ Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցուած է։ Առաջնորդ սրբազան հայրը՝ Նարեկ եպիսկ. Պէրպէրեան, իր խօսքին մէջ անգամ մը եւս շեշտած է Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի եւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման կարեւորութիւնը` իր եւ համայնքին զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը յայտնելով Արցախի ժողովուրդին եւ իշխանութեան:

Արարողութեան մասնակիցները այնուհետեւ այցելած են տեղւոյն Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) գրասենեակը, ուր տեղի ունեցած է Ա. Հանրապետութեան օրուան նուիրուած ձեռնարկը։ ■