Search
Close this search box.

«Մարդկային իրաւունքներ եւ պատասխանատւութիւն. պատերազմի հետեւանքները» խորագրով միջազգային համաժողովը

Կազմակերպիչները Արտակ Բեգլարեան պարգեւատրած են «Ազատութիւն» մրցանակով

Յունիս 1-էն 3 Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցած է «Մարդկային իրաւունքներ եւ պատասխանատւութիւն. պատերազմի հետեւանքները» խորագրով առաջին միջազգային համաժողովը, նուիրուած 2020-ին Ազերպայճանի կողմէ սանձազերծուած 44-օրեայ լայնածաւալ պատերազմին հետեւանքով Արցախի մէջ յառաջացած մարդկային իրաւանց ճգնաժամին: 

Ներկայացուցչական այս ժողովին անձամբ ներկայ եղած են կամ հեռավար ձևաչափով մասնակցած են աւելի քան երեսուն հեղինակաւոր գիտնականներ եւ իրաւաբաններ՝ աշխարհի 16 երկիրներէ:

Այս համաժողովի բացման օրը՝ Արցախի Հանրապետութեան Պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան պարգեւատրուած է «Ազատութիւն» մրցանակով, համաժողովի կազմակերպիչ «Ճշմարտութեան և արդարութեան կեդրոն» (CFTJ) ամերիկեան ոչ-կառավարական կազմակերպութեան կողմէ:

“«Ազատութեան» մրցանակը կը շնորհուի այն անհատին, որ արտակարգ ներդրում ունեցած է Արցախի մարդկային ազատութեան գործին մէջ: Արտակ Բեգլարեան ապացուցած է այդ իր խիզախ ջանքերով՝ օգնելով Արցախի ժողովուրդին իբրեւ Հանրապետութեան մարդկային իրաւանց պաշտպան: Ան Արցախ կը գտնուէր 2020-ի 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին։ Մենք բոլորս կը յիշենք զինք իբրեւ շարունակուող պատերազմին ձայնը, երբ երկինքէն ռումբեր կը տեղային։ Իր պաշտօնով Բեգլարեան դարձաւ պատերազմի զոհերու եւ պատերազմէն տուժածներու ձայնը՝ լրասփիւռներուն, միջազգային կառոյցներուն եւ խորհրդարանականներուն տրուած զեկոյցներու, հարցազրոյցներու եւ ելոյթներու միջոցաւ հաղորդելով անոնց իրավիճակը: Ան եղաւ Արցախի մարդկային ազատութեան առաջամարտիկը, եւ մեզի համար մեծ պատիւ է պարոն Արտակ Բեգլարեանին շնորհել «Ազատութիւն» մրցանակը՝ Ճշմարտութեան և արդարութեան կեդրոնի անձնակազմին անունով”,– յայտարարած է կազմակերպութեան ներկայացուցիչը:

Համաժողովին, Արցախի Պետական նախարարը զեկոյց ունեցած է տեսակապով: