Հայաստանի Հանրապետութեան՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ին անդամակցութեան 30-ամեակի ձեռնարկին մասնակցելու նպատակով Փարիզ կատարած պաշտօնական այցի շրջանակին մէջ, ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի և մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարար Վահրամ Դումանեան հանդիպում ունեցած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ընդհ. տնօրէնէնուհիի մշակոյթի հարցերու տեղակալ Էռնեսթօ Օթթոնէի հետ:
Հանդիպումին ներկայ եղած է նաեւ նախարարի տեղակալ Արա Խզմալեան:
Վահրամ Դումանեան շնորհակալութիւն յայտնած է Էռնեսթօ Օթթոնէին՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի հետ մնայուն եւ շարունակական արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար, վստահութիւն յայտնելով, որ մշակոյթի բնագաւառին մէջ առկայ փոխշահաւէտ կապերը կ՚ընդլայնին եւ կը նպաստեն նոր նախաձեռնութիւններու եւ գաղափարներու իրագործման։
“Մենք՝ իբրեւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Գործադիր խորհուրդի անդամ հաւատարիմ ենք Կազմակերպութեան լիազօրութեան՝ յառաջ մղելու համամարդկային արժէքները՝ խրախուսելով խաղաղութեան մշակոյթը եւ ամրապնդելով հանդուրժողականութիւնն ու համերաշխութիւնը”,– նշած է Դումանեան:
Արցախի Հանրապետութեան մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան գծով առկայ համագործակցութեան շրջածիրին մէջ, նախարարը անդրադարձած է Արցախի՝ Ազերպայճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան հարցին:
“Հայաստան ի սկզբանէ իր աջակցութիւնը յայտնած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէնուհիի նախաձեռնութեան՝ Լեռնային Ղարաբաղ եւ յարակից տարածքներ փորձագիտական առաքելութիւն ուղարկելու առնչութեամբ եւ կառուցողական կերպով ներգրաւուած է այդ առաքելութեան կարելիին չափ արագ գործուղման գործընթացին մէջ։ Մենք կը յուսանք, որ Լեռնային Ղարաբաղ եւ յարակից տարածքներ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի առաքելութիւնը կ՚իրականացուի 1954 թուականի Լա Հէյի համաձայնագրի շրջանակին մէջ եւ շահագրգիռ կողմերու մասնակցութեամբ, ինչպէս նաև կը պահպանուի այցելութեան ընթացքին հաւասար թիւով հայկական եւ ազերպայճանական մշակութային յուշարձաններ այցելելու պայմանը։
Ցաւօք սրտի, մինչ օրս մենք ականատես ենք Ազերպայճանի շարունակական վայրագութիւններուն եւ այդ երկրին կողմէ հայկական մշակութային ժառանգութեան դիտաւորեալ ոչնչացման, վանդալական արարքներու, բարեկարգման կամ այլ ձեւակերպումներու անուան տակ կոթողներու այլափոխման նորանոր դէպքերու: Այս կացութեան մէջ առաքելական այցելութիւնը ա՛լ աւելի կենսական կը դառնայ”,– ըսած է Վահրամ Դումանեան:
Ի պատասխան՝ Էռնեսթօ Օթթոնէ նշած է, թէ այդ ուղղութեամբ համապատասխան աշխատանքներ կը կատարուին։
Նախարարը շեշտած է նաեւ, որ հայկական կողմը մեծ ակնկալիքներ ունի Սեպտեմբեր 28-էն 30 Մեքսիքայի մէջ կայանալիք ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մշակութային քաղաքականութեան եւ կայուն զարգացման համաշխարհային համաժողովէն (MONDIACULT 2022), որուն վստահաբար իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ հայկական կողմը։
“Արդարեւ խորհրդանշական է, որ 40 տարի ընդմիջումէ ետք, MONDIACULT-ը կրկին տեղի կ՚ունենայ Մեքսիքայի մէջ։ Համոզուած ենք, որ այդ համաժողովը համագործակցութեան նոր կարելիութիւններ պիտի ընձեռէ”,– ընդգծած է Դումանեան:
Հանդիպման աւարտին ՀՀ ԿԳՄՄ նախարարը պրն Օթթոնէին նուիրած է Ա. Սպենդիարեանի տուն-թանգարանի հրատարակութեամբ «Ալեքսանդր Սպենդիարեան» երկլեզու պատկերագիրքը (հրատարակուած ԻՒՆԷՍՔՕ-ի աջակցութեամբ) եւ Մեսրոպ Մաշտոց Մատենադարանի հրատարակած «Արցախի ձեռագրական ժառանգութիւնը» անգլերէն պատկերագիրքը: Նախարարը խնդրած է այդ գիրքերէն մէկական օրինակ ալ յանձնել ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ընդհ. տնօրէնուհի Օտրէ Ազուլէին:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։