Search
Close this search box.

ԻՒՆԷՍՔՕ-ին՝ Հայաստանի անդամակցութեան 30-ամեակի համերգը

Միացեալ ազգերու՝ կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի կազմակերպութեան (UNESCO) Հայաստանի անդամակցութեան 30-ամեակը պատշաճօրէն նշելու համար կազմակերպուած էր շքեղ համերգ մը, որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, Յունիս 7-ին, Կազմակերպութեան՝ փարիզեան կեդրոնի  պերճաշուք սրահին մէջ, հարիւրաւոր հիւրերու ներկայութեան. անոնց շարքին էին բազմաթիւ ծերակուտականներ, երեսփոխաններ, քաղաքապետեր, զանազան երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան, Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան։

Նախ ելոյթ ունեցաւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մէջ Հայաստանի դեսպան եւ մնայուն պատուիրակ  Քրիսթիան Տէր Ստեփանեան, որ Հայաստանի եւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի միջեւ յարաբերութիւններու համառօտ պատմականը ներկայացնելէ ետք, յիշեց հայկական մշակոյթի ներդրումը համաշխարհային ժառանգութեան մէջ։

ԻՒՆԷՍՔՕ-ի՝ Ափրիկեան առաջնահերթութեան եւ արտաքին յարաբերութիւններու ընդհանուր տնօրէնի տեղակալ Ֆիրմէն Մաթոքօ ընդգծեց Հայաստանի կարեւոր դերը եւ հզօր ներգրաւումը Կազմակերպութեան տարբեր յանձնաժողովներուն մէջ, իր անդամակցութենէն ի վեր:

Այս ելոյթները հայերէն իր ուղերձով եզրափակեց ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Վահրամ Դումանեան։ Ան շեշտը դրաւ Հայաստանի եւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի միջեւ փոխանակումներու եւ փոխադարձ ներդրումին վրայ, հանրային, թէ մշակութային  զանազան ոլորտներու մէջ։

Այնուհետեւ, երեկոյթի գեղարուեստական մասը սկսաւ երեք հայ երիտասարդ տաղանդներով, որոնց կրտսերագոյնը ընդամէնը 13 տարեկան է։ Այսպէս, դաշնակահարներ Արթուր Գրիգորեան ու Արմէն Պուչինեան, ջութակահար Անի Մելիքեան կախարդեցին սրահը իրենց գերազանց կատարումով: Առանձնաբար կամ միասնաբար, երրեակը հրամցուց գլխաւորաբար հայկական երգացանկէն ստեղծագործութիւններ։ Անոնց եզրափակիչ կատարումը՝ Արամ Խաչատրեանի «Սուրերու պար»-ի հրաշալի վերընթերցումը արժանացաւ հանդիսականներու երկար ծափահարութիւններուն:

Յաջորդեց Անտրէ Մանուկեան, աւելի ճազային կշռոյթներով իր երաժշտութեամբ։ Ինչպէս միշտ, ան իր համերգը համեմեց մերթ ընդ մերթ իր պատմած երգիծաշունչ մանրավէպերով: Արուեստագէտը ելոյթը աւարտեց իր մէկ կտորով, զոր յօրինած է ի յարգանս տարագրութենէն փրկուած իր մեծ մօր Անոյշին:

Այնուհետեւ անոր միացաւ իր ընկերը՝ Փաթրիք Ֆիորի, որ պատմելէ ետք թէ՝ ինչպէ՛ս  իմացած է իր հայկական արմատներուն մասին, երգեց փշաքաղող «Տըլէ եաման» մը, դաշնակով Անտրէ Մանուկեանի նուագակցութեամբ: Ֆիորի համերգը շարունակեց իր ամենածանօթ քանի մը երգերով:

Նամակ, որ կ՚արժէ հազար ելոյթ

Այս երեկոյթի ընթացքին, ստորեւ տրուած նամակը (բնագիրը՝ ֆրանսերէն) Հայ դատի աջակից խումբ մը դասախօսներու եւ համակիրներու կողմէ բաշխուեցաւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի պատասխանատուներուն։ Անոր մէջ ըսուած է ամէն ինչ որ՝ իրականութեան մէջ պէտք էր այդ կազմակերպութեան բեմէն բարձրաձայն ըսուէր… աղաղակուէր.-

«ԻՒՆԷՍՔՕ-ին՝ Հայաստանի անդամակցութեան 30-ամեակը նշելը կրնար իմաստ ունենալ, եթէ այս կազմակերպութիւնը հաւատարիմ մնար իր սեփական առաքելութիւններուն եւ իր սկզբնական կոչումին:

Ընդհակառակն, առնուազն զարմանալի լռութիւնն ու Ազերպայճանի կողմէ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման վերաբերեալ՝ կուտակուած բազմաթիւ ապացոյցներու առջեւ էական քայլերու բացակայութիւնը մեզ կը մղեն հարցադրուելու ձեր կազմակերպութեան օրինականութեան մասին:

Հայերս, սորված ենք չվստահիլ կարեկցանքի խօսքերու, որոնք իրականութեան մէջ կը քօղարկեն լեռ անարդարութիւն։

Ի՞նչ ըրիք իսկապէս երբ Ազերպայճան Նախիջեւանի գերեզմանոցը (Խաչքարերու գերեզմանոց) պուլտոզըրներով ամբողջովին քանդեց։

2020 թուականին Ազերպայճանի յարձակումէն ետք ի՞նչ կ՚ընէք պաշտպանելու համար անցեալի բազմաթիւ հայկական յուշարձանները, որոնք անցած են ազերպայճանական վերահսկողութեան տակ, եւ որոնց համակարգուած ոչնչացումը արդէն լայնօրէն ընթացքի մէջ է: Գէթ համարձակութիւնը ունեցա՞ք մատնացոյց ընելու այս աւերածութիւններուն պատասխանատուն` Ալիեւի եւ անոր կլանի եղծանուած բռնապետութիւնը: Որոնք են ձեր ապագայ քայլերը այս աւերածութիւնները դատապարտելու եւ դադրեցնելու համար։

Պարզ հարցում մը կը յառաջանայ մեր մտքին մէջ.

ԻՆՉՈ՞Ւ

Պատասխանը պարզ է, բայց մենք կը փորձենք չհաւատալ։

Ձեր կրաւորականութիւնը այս աւերածութիւններուն նկատմամբ կը նմանի տեսակ մը մեղսակցութեան։ Եւ ան ծայր աստիճան վտանգաւոր է, խրախուսակա՛ն է նախայարձակ եւ ոչ-ժողովրդավարական պետութիւններուն համար, ամբողջ աշխարհի մէջ: Ե՞րբ ԻՍԿԱՊԷՍ պիտի հակազդէք։

Այս յիշեցման հեղինակները Հայ դատի աջակից խումբ մը դասախօսներ եւ համակիրներ են»։