Search
Close this search box.

ՈՒՐՈՒԿՈՒԱՅ. Ուրուկուայցի բեմադիրը Մոնթեվիտէոյի մէջ ներկայացուցած է արցախեան հակամարտութեան մասին պատմող ֆիլմը

Ուրուկուայցի շարժանկարի բեմադիր Ֆետերիքօ Լեմոսի՝ Արցախեան հակամարտութեան մասին պատմող «Մենք ենք մեր սարերը» (“Somos nuestras montañas”) ֆիլմը Մայիս 31-ին ցուցադրուած է Մոնթեվիտէոյի Ազգային համերգասրահին մէջ:

«Արմէնփրէս» յղում ընելով Diario Armenia-ին կը հաղորդէ, թէ շուրջ երկու հազար հանդիսատեսի կարգին ժապաւէնը դիտած են Ուրուկուայի մշակոյթի ու արուեստի, մետիայի ներկայացուցիչներ, բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, հայկական համայնքի անդամներ:

«Մենք ենք մեր սարերը» ֆիլմը, որ սկսած է նկարահանուիլ 2017 թուականէն, կը պատմէ արցախեան հակամարտութեան պատմութիւնը՝ տարածաշրջանին մէջ բնակող չորս Հայերու դիտանկիւնէն:

Արժանթինի հայկական «Սարդարապատ» պարբերականին համաձայն՝ Լեմոս, որ 14 գեղարուեստական ֆիլմի հեղինակ է եւ որուն գործերը կը ցուցադրեն Netflix-ը, Amazon Prime-ը, HBO-ն, պատմած է, թէ այս ֆիլմի նկարահանումը իրեն համար իսկական մարտահրաւէր եղած է: Ան նշած է, թէ Ուրուկուայի մէջ տեսած հայկական համայնքի գործունէութիւնը,– թէ՝ ինչպէս Հայերը կը փորձեն պահպանել իրենց ինքնութիւնն ու աւանդութիւնները,– զինք մղած է ամբողջութեամբ խորասուզուելու այս նիւթին մէջ:

Ֆիլմը արդէն ղրկուած է աւելի քան 60 շարժանկարի միջազգային փառատօներու: «Մենք ենք մեր սարերը»-ի նկարահանումները կատարուած են Ստեփանակերտի, Գորիսի, Օշականի, Սեւանի, Գիւմրիի, Երեւանի, Մոնթեվիտէոյի, Պուէնոս Այրէսի, Սաօ Փաոլոյի եւ Լոս Անճըլըսի մէջ: