Search
Close this search box.

ՄԻԱՑԵԱԼ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ. Լոնտոնի գինիի տօնավաճառին ներկայացուած է հայկական գինին

Միացեալ Թագաւորութեան (ՄԹ) մէջ ՀՀ դեսպան Վարուժան Ներսէսեան այցելած է Լոնտոնի գինիի տօնավաճառի հայկական տաղաւարը: Լուրը հաղորդած է ՄԹ-ի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը։

Հոն առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուած են հայկական 13 տարբեր գինի արտադրողներ, որոնք ցուցադրած են տեղական խաղողի տեսակներէն պատրաստուած բազմատեսակ  գինիի արտադրանք:

Ցուցահանդէսին մասնակցած հայ արտադրողները առիթ ունեցած են գինիի տեսականին ներկայացնելու Յունիս 10-ին, ՀՀ դեսպանութեան հովանաւորութեամբ Travellers Club-ի մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին, որ համեմուած էր հայկական էստրադային եւ  ճազային կատարումներով։

Դեսպան Ներսէսեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է Travellers Club-ին՝ հիւրընկալութեան, իսկ գինի արտադրողներուն՝ իրենց գինիները այդքան գովելի կերպով ցուցադրելնուն համար։ Ան ընդգծած է հայկական գինիներու եւ անոնց հարուստ պատմութեան ներկայացումը՝ բրիտանացի սպառողներուն եւ գործարար միջավայրին:

Դեսպանը նաև յոյս յայտնած է, որ հայկական գինիի արտադրութիւնը կը շարունակէ զարգանալ, աճիլ եւ առաւել հասանելի դառնալ բրիտանական շուկային վրայ։