Արդարադատութեան նախարար Կարէն Անդրէասեանի Դիմագիրքեան գրառումէն կը տեղեկանանք, թէ վարչապետի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած միջգերատեսչական քննարկումներու ետք նպատակայարմար չէ համարուած ծանր վիրաւորանքի ամրագրումը՝ նոր Քրէական օրէնսգիրքին մէջ։ «Այդ անընդունելի երեւոյթին համար կը պահպանուի մի՛այն քաղաքացիական պատասխանատւութիւն՝ մինչև 3.000.000 դրամի չափով»,– գրած է նախարարը եւ աւելցուցած.-
«Չնայած այն հանգամանքին, որ ծանր վիրաւորանքի համար նախատեսուած չի լինելու քրէական պատասխանատւութիւն՝ սա չի նշանակում, որ մարդկանց արժանապատւութիւնը նուաստացնող յայտարարութիւնները մնալու են առանց իրաւական լուրջ հետեւանքների: Քաղաքացիական օրէնսգրքով սահմանուած կարգով վիրաւորելու պարագային ազատ խօսքը չարաշահողները պարտաւոր կը լինեն վճարել փոխհատուցում (խօսքը վերոնշեալ 3.000.000 դրամի մասին է – «ՆՅ»):
Ուստի, մեր հայրենակիցներին եւս մէկ անգամ կոչ ենք անում զերծ մնալ վիրաւորական եւ անպարկեշտ խօսոյթից, այլապէս նրանք կը կրեն դրա համար օրէնքով սահմանուած խիստ պատասխանատւութիւն»:
Այս առթիւ ՀՀ Մարդկային իրաւանց նախկին պաշտպան Արման Թաթոյեան,– որ Քրէական նոր օրէնսգրքի մշակման հեղինակներէն է,– Դիմագիրքի իր էջին գրած է, թէ քրէական նոր օրէնսգրքէն «ծանր վիրաւորանքի» յօդուածէն հրաժարիլը ոչ թէ կառավարութեան մեծահոգութիւնն է, ինչպէս ներկայացուած է, այլ հարկադրուած քայլ մը։
«Առհասարակ, երբ որպէս Արդարադատութեան փոխնախարար՝ նախաձեռնեցի Քրէական այս նոր օրէնսգրքի մշակումը, ստեղծեցինք աշխատանքային խումբ, որը ամբողջացաւ ԵՊՀ իրաւագիտութեան բաժանմունքի մասնագէտներով։ Աշխատանքային խումբն ի սկզբանէ ձեւաւորուեց այնպէս, որ դուրս լինի քաղաքական ազդեցութիւնից եւ բացառուի քաղաքական շահերի համար Քրէական օրէնքի փոփոխութիւնը: Բայց, ինչպէս տեսանք, “ծանր վիրաւորանքի” յօդուածի պարագային իրավիճակը փոխուեց:
Այս յօդուածն ընդունուեց միայն քաղաքական որոշմամբ ու ընթացակարգային կոպիտ խախտումներով։ Այլ խօսքով՝ Քրէական օրէնսգիրքը ծառայեց մէկ՝ “ՔՊ” կուսակցութեան քաղաքական շահերին»:
(…)
«Այս ամօթալի, բացարձակ դատապարտելի յօդուածի պատճառով հարիւրաւոր մարդիկ ենթարկուեցին հակասահմանադրական քրէական հետապնդումների եւ իրաւունքների անհիմն, խտրական սահմանափակումների, սկսած՝ մարդկանց ազատութիւնից ու արդար դատաքննութիւնից զրկելուց, մինչեւ խօսքի ազատութիւն ու մասնաւոր կեանքի պաշպանութիւն:
Այս oրէնքի պատճառով քաղաքացիներին հայհոյող ու վիրաւորող իշխանութեան պաշտօնեաներն ու նրանց աջակիցները դարձան արտօնեալ:
Այս oրէնքը պարզապէս կրակը գցեց Ոստիկանութեանը, որը դարձել էր եւ դեռ շարունակում է մնալ հերթական անհեռատես ու դատապարտելի քաղաքական որոշման զոհը:
Այն ոչ միայն լուրջ խոչընդոտներ առաջացրեց լրագրողների համար, այլ նաեւ խորացրեց լրագրողների նկատմամբ կարծրատիպերը:
Այս բոլոր խախտումները բացարձակ հիմնաւոր տեղ էին գտել Սահմանադրական դատարանի իմ դիմումում»,– ի միջի այլոց գրած է Թաթոյեան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։