Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութիւնը Յունիս 13-ին երկօրեայ պաշտօնական այցով ժամանած է Քաթար:
Տոհայի միջազգային օդակայանին մէջ վարչապետը դիմաւորած է Քաթարի Արտաքին գործոց պետական նախարար Սուլթան պին Սաատ Ալ-Մուրեյխի:
Նախատեսուած էին հանդիպումներ ՀՀ վարչապետին եւ Քաթարի պետութեան բարձրագոյն ղեկավարութեան միջեւ:
Հանդիպումներու օրակարգին վրայ էին երկու երկիրներու միջեւ տարբեր բնագաւառներու մէջ կապերու զարգացումն ու յարաբերութիւններու ամրապնդումը։
Հայաստանի եւ Քաթարի վարչապետերու հանդիպումը
Ստորագրուած են շարք մը փաստաթուղթեր
Վարչապետ Փաշինեան նոյն օրը հանդիպում ունեցած է Քաթարի վարչապետ, Ներքին գործոց նախարար Շեյխ Խալիտ պին Խալիֆա պին Ապտուլազիզ Թանիի հետ։
Հանդիպումին՝ հիւրընկալող պետութեան վարչապետը ընդգծած է Հայաստանի իր պաշտօնակցի այցելութեան կարեւորութիւնը եւ բարեկամ երկու երկիրներու միջև բազմակողմ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:
Վարչապետ Փաշինեան իր կարգին նշած է, թէ Հայաստանի ու Քաթարի միջեւ քաղաքական երկխօսութիւնը կը գտնուի բարձր մակարդակի վրայ, հետեւաբար կարեւոր է նոր ազդակ հաղորդել տնտեսական երկկողմ կապերու զարգացման եւ ընդլայնման: Վարչապետը շեշտելով գործարար կապերու անհրաժեշտութիւնը, Քաթարի գործարարները հրաւիրած է Հայաստան` իրենց հայ գործընկերներուն հետ քննարկելու ներդրումային հասարակաց ծրագրերու իրագործման կարելիութիւններն ու հեռանկարները:
Այնուհետեւ վարչապետերու ներկայութեան, երկու երկիրներու միջև ստորագրուած են շարք մը փաստաթուղթեր: Մասնաւորապէս՝ փոխվարչապետ Համբարձում Մաթեւոսեան եւ Քաթարի իր պաշտօնակիցը ստորագրած են Հայաստանի եւ Քաթարի Արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ քաղաքական խորհրդակցութիւններու կայացման վերաբերեալ փոխըմբռնման յուշագիր մը. ստորագրուած է նաեւ յուշագիր մը «Արմէնփրէս» լրատու գործակալութեան եւ Քաթարի ազգային լրատու գործակալութեան միջեւ լրատւութեան փոխանակման շուրջ:
Երեւանի եւ Տոհայի միջեւ ստորագրուած է զուգորդութեան հռչակման համաձայնագիր մը։ Ստորագրուած են նաեւ երկու երկիրներու միջեւ բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտական հետազօտութիւններու, առողջապահութեան, պետական համալսարաններու համագործակցութեան համաձայնագրեր:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։