Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութեան՝ Քաթար այցի շրջանակին մէջ, Յունիս 14-ին Քաթարի ազգային գրադարանին մէջ բացուած է «Արաբերէն հաղորդագրութիւններ Հայաստանէն. ժառանգութիւն՝ մշակութային երկխօսութեան համար» խորագրով առժամեայ ցուցադրութիւնը:
Ցուցադրուած են Հայաստանի պատմութեան թանգարանի դրամագիտական եւ հնագիտական հաւաքածոներէն 9 կրկնօրինակ նմուշներ, որոնք կը ներկայացնեն «Դուին», «Արմինիա», «Հարունաբադ» և «Հալէպ» դրամահատարաններու մէջ արտադրուած արծաթէ ու պղինձէ տիրհամներու, 752-ին արտադրուած ոսկէ տինարի, «Բարդա» դրամահատարանին մէջ արտադրուած պղինձէ ֆալսի (փոքր պղնձեայ արաբական միջնադարեան մանր մետաղադրամ), ինչպէս նաեւ 18-րդ դարուն վերագրուող պրոնզէ երկգլխանի կացինի նմուշներ՝ բուսական զարդանախշերով եւ կենդանակերպ պատկերներով։
Ցուցադրական պաստառներու վրայ ալ ներկայացուած են հայ-արաբական երկարատեւ յարաբերութիւններուն վերաբերող մշակութային արժէքներ եւ պատմական փաստեր։
Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մէկ շաբաթ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։