Յունիս 13-ին նշուած է հայ մեծանուն գրող, գորիսեցի արձակագիր Ակսէլ Բակունցի ծննդեան տարեդարձը, անոր անունը կրող տուն-թանգարանին մէջ: Լուրը կը հաղորդեն Գորիսի համայնքապետարանէն։
Գրողին 123-ամեակին առիթով կազմակերպուած է բովանդակալից ձեռնարկ մը, յիշարժան պահեր պարգելով ներկաներուն։ Միջոցառման նպատակն էր` հանրութեան ներկայացնել Ակսէլ Բակունց մեծատաղանդ գրողին կեանքն ու գործունէութիւնը, յատկապէս նոր սերունդին հաղորդելով բակունցեան գրական ժառանգութիւնը, անոր ծագումն ու արուեստը, անոր հայրենասիրութիւնն ու մարդասիրութիւնը։
Հանդիսութեան ներկայ եղած են Գորիսի քաղաքապետ Առուշ Առուշանեան, Արցախի եւ Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահներ՝ Վարդան Յակոբեան եւ Էդուարդ Միլիտոնեան, «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի տնօրէն` Վահագն Սարգսեան, գրականագէտներ՝ Արմէն Ավանէսեան, Դաւիթ Գասպարեան, նկարիչ Սեւադա Գրիգորեան և այլոք։
Ձեռնարկը համեմուած է ազգային երգ ու պարով եւ բակունցեան ստեղծագործութիւններով: Առաջին անգամ հանրութեան ներկայացուած են նաև Բակունցի կողմէ քաշուած լուսանկարները՝ «Յովհաննէս Թումանեանի ծննդավայրը Բակունցի աչքերով» խորագիրով:
Գեղանկարիչ Սեւադա Գրիգորեան Ակ. Բակունցի տուն-թանգարանին նուիրած է իր գծած` Բակունցի դիմանկարը:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։