Search
Close this search box.

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊՈՒԼԿԱՐԻԱ. Միրզոյեան Պուլկարիոյ ԱԺ նախագահին ներկայացուցած է Արցախի հակամարտութեան լուծման վերջին զարգացումները

Պաշտօնական այցով Պուլկարիա գտնուող Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Յունիս 14-ին հանդիպում ունեցած է Ազգային ժողովի նախագահ Նիքոլա Մինչևի հետ:

Լուրը հաղորդած են ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութենէն: 

Կողմերը բարձր գնահատած են պատմական ընդհանրութիւններու եւ երկու ժողովուրդներու միջեւ ջերմ բարեկամական կապերու վրայ հիմնուած յարաբերութիւնները, ընդգծելով նաեւ միջխորհրդարանական մակարդակի շփումներուն կարեւորութիւնը: 

Երկուստեք պատրաստակամութիւն յայտնած են աշխուժացնելու Հայաստանի եւ Պուլկարիոյ խորհրդարաններուն մէջ գործող բարեկամութեան խումբերուն միջեւ կապերը, ինչպէս նաեւ ընդլայնելու համագործակցութիւնը՝ միջազգային խորհրդարանական հարթակներու վրայ: 

Միրզոյեան Պուլկարիոյ Ազգային ժողովի նախագահին ներկայացուցած է Հարաւային Կովկասի խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ուղղութեամբ հայկական կողմին գործադրած ջանքերը, Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջև յարաբերութիւններուն, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին վերաբերող վերջին զարգացումները:  Ան Ընդգծած է Մինսքի խումբի համանախագահութեան լիազօրութեամբ խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով ԼՂ խնդրի մնայուն և համապարփակ լուծման հասնելու անհրաժեշտութիւնը:

ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարը անդրադարձած է նաեւ 2020-ին Լեռնային Ղարաբաղի դէմ ազերպայճանական յարձակման հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական իրավիճակին, մասնաւորապէս՝ Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձանց հայրենադարձման, ազերպայճանական վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ գտնուող հայկական մշակութային ու կրօնական ժառանգութեան պահպանման առնչուող հարցերուն: