Յունիս 20-ին, Մինսքի մէջ հանդիպում ունեցած են Հայաստանի եւ Ռուսաստանի վարչապետեր Նիկոլ Փաշինեան եւ Միխայիլ Միշուսթին ու անդրադարձած՝ ռուս-վրացական սահմանի Վերին Լարսի անցակէտին յառաջացած խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի փոխադրական հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման գործընթացին։
Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է ռուսական կողմին՝ Վերին Լարսի անցակէտին առնչուող հարցերը լուծելուն համար, յիշեցնելով որ՝ ան «Հայաստանն ու Ռուսաստանը կապող միակ ցամաքային ճանապարհն է»։ Վարչապետը նաեւ իր աջակցութիւնը յայտնած է ամբողջ տարածաշրջանի ապաշրջափակման աշխատանքներուն:
“Կը յուսամ, որ արդէն իսկ կատարուած աշխատանքի շնորհիւ կը յանգինք յստակ լուծումներու։ Տարածաշրջանի երթեւեկի եւ տնտեսական հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը ստեղծուած ներկայ կացութեան մէջ առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի”,– ըսած է ՀՀ վարչապետը: ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։