Աննա Վարդապետեան Ազգային ժողովի Յունիս 29-ի արտակարգ նիստին ընտրուած է ՀՀ գլխաւոր դատախազ:
Ընդդիմադիր խմբակցութիւնները նիստէն եւ քուէարկութենէն բացակայ ըլլալով՝ 107 երեսփոխաններէն փակ գաղտնի քուէարկութեան մասնակցած են 70-ը, որոնք միաձայնութեամբ ընտրած են Վարդապետեանը։
Նորընտիր գլխաւոր դատախազի թեկնածութիւնը առաջարկած էր «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը։ Վարդապետեան Արդարադատութեան նախկին փոխնախարարն էր եւ ցարդ կը վարէր վարչապետ Փաշինեանի օգնականի պաշտօնը:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։