Յուլիս 1-ին Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի յատուկ բանագնացներ ՀՀ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան եւ դեսպան Սերտար Քըլըչ Վիեննայի մէջ ունեցած են իրենց չորրորդ հանդիպումը։
Կողմերը պայմանաւորուած են կարելի ամէնէն կարճ ժամանակի մէջ Հայաստան-Թուրքիա ցամաքային սահմանը անցնելու հնարաւորութիւն ապահովել, համապատասխանաբար, Հայաստան եւ Թուրքիա այցելող երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար եւ որոշած են սկսիլ այդ ուղղութեամբ անհրաժեշտ գործընթացները: Անոնք նաեւ համաձայնած են շուտով ձեռնարկել Հայաստան-Թուրքիա ուղղակի օդային բեռնափոխադրումներուն եւ որոշած են սկսիլ այդ ուղղութեամբ անհրաժեշտ գործընթացները:
Բացի ասոնցմէ, քննարկուած են այլ յստակ քայլեր, որոնք կրնան ձեռնարկուիլ երկու երկիրներու միջեւ լիարժէք կարգաւորման վերջնական նպատակին հասնելու համար։
Ի վերջոյ, կողմերը կրկին ընդգծած են իրենց համաձայնութիւնը՝ շարունակելու կարգաւորման գործընթացը առանց նախապայմանի։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։