Search
Close this search box.

«Դպրոցասէր»-ի ամավերջի հանդէսը եւ վկայականներու բաշխման արարողութիւնը

 

Յունիս 26-ին տեղի ունեցաւ Ռենսիի (Փարիզեան շրջան) «Դպրոցասէր» վարժարանի ամավերջի հանդէսը եւ շրջանաւարտներու վկայականներու բաշխման արարողութիւնը։

Հանդիսութեան ներկայ էր Հայաստանի դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան։ Ան շնորհաւորելով եւ յաջողութիւն մաղթելով շրջանաւարտներուն, երախտիքի խօսքեր յղեց տնօրէնութեան, յանձին տնօրէն Հայկ Սարգիսեանի, ուսուցչական անձնակազմին, Տիկնանց և բարեկամներու ընկերակցութեան՝ յանձին նախագահուհի Աղաւնի Սարիքայայի, անոնց ազգանուէր աշխատանքին համար, որոնց շնորհիւ Ֆրանսայի մէջ աւելի քան 100-ամեայ պատմութիւն ունեցող «Դպրոցասէր»-ը կը շարունակէ Սփիւռքի մէջ հայապահպանման իր կարեւոր առաքելութիւնը։    

Դեսպանուհին շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Ֆրանսայի իշխանութիւններուն հայ համայնքին հանդէպ ուշադիր վերաբերումին համար եւ բարձր գնահատեց  գործունէութիւնը ֆրանսահայ կրթական հաստատութիւններուն, որոնք հայապահպանման հետ մէկտեղ՝ որակեալ ֆրանսական կրթութիւն ջամբող հանրակրթարաններու բարձր հեղինակութիւն կը վայելեն։  

«Դպրոցասէր»-ի ամավերջի հանդիսութեան կը մասնակցէին նաեւ Ֆրանսայի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, Ռենսիի քաղաքապետ Ժան-Միշէլ Ժընեսթիէ, մօտակայ քաղաքներու քաղաքապետեր եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, ծնողներ, վարժարանի նախկին սաներ։