«Ազատութիւն» – Մինչ 44-օրեայ պատերազմէն ետք գերեվարուած զինուորներու ծնողները կը պահանջեն նախքան Ազերպայճանի հետ խաղաղութեան բանակցութիւններ սկսիլը՝ հայրենիք վերադարձնել իրենց զաւակները, Հայաստանի իշխանութիւնները կը յայտարարեն, թէ իրաւական ճանապարհով ըրած են ամէն ինչ՝ անոնց վերադարձին համար։ Կը խոստովանին նաեւ, որ այդ ճանապարհը առայժմ արդիւնք չէ տուած։
Ազերպայճան կը հաստատէ, որ իր քով մի՛այն 38 ռազմագերի կայ, որոնց մեծ մասը ծանր յանցագործութիւններու պատրուակով դատապարտած է տարիներու,– երբեմն մինչեւ քսան տարի,– բանտարկութեան։ Պաքու կը մերժէ զանոնք վերադարձնել, պնդելով թէ՝ անոնք «ռազմական յանցագործներ» (ընդգծումը՝ «ՆՅ») են։
ՀՀ կառավարութեան միջազգային իրաւական հարցերու ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան կ՚ընդգծէ, որ թէ՛ Եւրոպայի մարդկային իրաւանց ատեանը (ՄԻԵԱ), թէ՛ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային ատեանը որոշած են դուրս չելլել իրենց սահմանած շրջանակներէն՝ Ազերպայճանէն չպահանջելով վերադարձնել հայ ռազմագերիները։
“Մենք կը կարծենք, որ որեւէ բան ՄԻԵԱ-ին չէր արգիլեր համաձայնագրի ծիրին մէջ այդ քայլին դիմել, քանի որ ընդհանրապէս միջազգային իրաւունքի տրամաբանութեան մէջ կարելի է նման պահանջ ներկայացնել, բայց միջազգային դատարանները, բնականաբար, ունին որոշ սահմանափակում եւ որոշ պահպանողական կեցուածք, եւ այդ դրսեւորուած է ՄԻԵԱ-ի միջանկեալ որոշումներուն մէջ”,– նշած է Կիրակոսեան, յիշեցնելով որ՝ ՄԻԵԱ-ի միջանկեալ որոշումներով Ազերպայճան պարտաւոր է պաշտպանելու 44-օրեայ պատերազմին եւ անկէ ետք գերեվարուած ու տակաւին հայրենիք չվերադարձուած ռազմագերիներու կեանքի իրաւունքը, ինչպէս նաեւ զանոնք զերծ պահելու խոշտանգումներէ։
Ինչ կը վերաբերի Լա Հէյի Արդարադատութեան ատեանին, ապա ան՝ հարցին անդրադարձած է ցեղային խտրականութեան ենթածիրին մէջ՝ ինք եւս չներկայացնելով հայ գերիներու վերադարձի պահանջը։
“Եթէ կը յիշէք, մենք գերիներու վերադարձի պահանջ ներկայացուցած էինք Արդարադատութեան միջազգային ատեանին՝ հիմնուելով համաձայնագրով ապահովուած այդ նոյն պահանջներու վրայ՝ «ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացում համաձայնագրի դրոյթներու հիման վրայ»։ Ատեանը անդրադարձաւ վերադարձի պահանջին եւ նշեց հետեւեալը.- «Ինք չի կրնար պարտադրել որ գերիներու վերադարձը ապահովուի, որովհետեւ անոնց վերադարձը ապահովելու պարտականութիւնը կը բխի մարդասիրական իրաւունքի դրոյթներէն, սակայն դատարանը կը գործէ ցեղային խտրականութեան վերացման բոլոր ձեւերու շուրջ՝ համաձայնագրի շրջանակին մէջ, իսկ այդ համաձայնագրին մէջ վերադարձի դրոյթ չկայ”,– ըսած է Եղիշէ Կիրակոսեան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։