Search
Close this search box.

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ. Իր մահկանացուն կնքած է սիրուած երգիչ Լեւոն Գաթրճեան

 

Յուլիս 1-ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ իր մահկանացուն կնքած է սիրուած ժողովրդական երգիչ Լեւոն Գաթրճեան:

Ան ծնած է 1940-ին, Հալէպ։ 1963-1966, իր ուսումը ստացած է Պէյրութի Պետական երաժշտանոցին մէջ: Ճանչցուած է ժողովրդական եւ աշուղական, յատկապէս Սայեաթ Նովայի երգերու կատարումներով: Գաթրճեան հանդէս եկած է համերգներով Պէյրութի, Հալէպի, Եգիպտոսի, Քուէյթի, Իրանի, Կիպրոսի, Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու մէջ: Հայկական երգացանկով ան հանդէս եկած է նաեւ Փարիզի «Օլիմփիա» սրահին մէջ: 1971-էն սկսեալ երգած է նաեւ Հայաստանի մէջ, կատարած է ձայնագրութիւններ եւ մասնակցած է Սայեաթ Նովայի նուիրուած փառատօնին, ինչպէս նաեւ ի նպաստ Արցախի՝ հանդէս եկած է համերգներով:

Գաթրճեան հեղինակ է բազմաթիւ երգերու. 1975-ին հաստատուած է Գալիֆորնիա:

Շրջան մը, երբ մասնաւորապէս Միջին Արեւելքի հայ գաղութները մեծ ճիգեր կը գործադրէին դուրս գալու թրքական երգի ազդեցութենէն, ողբացեալ արուեստագէտը եւ իր սերնդակիցները դարձան իրական «առաքեալներ», որոնք մեծ աւանդ եւ ճիգ ներդրին հայերէն երգի տարածման մէջ:

Գաթրճեան, զանազան առիթներով՝ բեմերէն, ձայնասփիւռէն եւ պատկերասփիւռէն ունեցած իր ելոյթներով, իր ձայնին անուշութեամբ եւ հաղորդականութեամբ, հասարակութենէն սիրուած ժողովրդական երգիչ մը դարձած էր։