Search
Close this search box.

Հայկական շարժարուեստի հիմնադրման 100-ամեակը նշելու կապակցութեամբ յոբելինական յանձնաժողով կազմուած է

 

Այս տարի հայկական շարժարուեստը կը նշէ իր հիմնադրութեան  100-ամեակը։ ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութենէն հաղորդած են, թէ վարչապետին որոշումով կազմուած է յոբելինական յանձնաժողով, նախարար Վահրամ Դումանեանի գլխաւորութեամբ։

Եռամսեայ ժամանակի ընթացքին յանձնաժողովը պիտի մշակէ յոբելինական ծրագիր՝ Հայաստանի եւ արտասահմանի մէջ գործադրելու համար։