ՀՀ ԿԳՄՄ նախարարութենէն կը հաղորդեն, թէ «Պատմամշակութային արգելոց թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն»-ը եւ սենեկային երաժշտութեան ազգային կեդրոնը Յուլիս 13-ին կը կազմակերպեն «Ընդհատուած աղօթքի պրոնզէ արձագանգը» խորագրով բացառիկ ցուցահանդէս եւ համերգ, «Զուարթնոց» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանին մէջ:
Առժամեայ ցուցահանդէսը նուիրուած է Գնդեվանքի վանական համալիրի կրթամշակութային, հոգեւոր գործունէութեան, ժառանգութեան ծանօթացման:
Կը ցուցադրուի 1981-ին յայտնաբերուած հաւաքածոն, բաղկացած՝ 43 միաւորէ:
Ցուցադրութեան ժամանակ կ՚օգտագործուին նաեւ միջնադարեան ձեռագրերու եւ այլ փաստաթուղթերու մէջ Գնդեվանքին առնչուող նիւթերու, լուսանկարներու, չափագրութիւններու կրկնօրինակները, ինչպէս նաեւ աւանդազրոյցներ, ոչ-նիւթական մշակոյթի այլ տարրեր, որոնք կը ներկայացուին ժամանակակից արհեստագիտութեանց օգտագործմամբ:
Իսկ համերգային բաժնին կը մասնակցին Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբը, «Հովեր» երգչախումբը եւ դաշնակահար Հայկ Մելիքեան:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։